Իրանի Դեսպանատունը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքը

Թէեւ 24 մարտին Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանին Լիբանանի համար «ոչ փափաքելի անձ» է եւ պէտք է մինչեւ 29 մարտ 2026 հեռանայ Լիբանանէն, բայց եւ այնպէս դեսպանը մնաց Լիբանան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 30 մարտին յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը բաց է եւ Պէյրութի մէջ իր աշխատանքը կը շարունակէ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզետտին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանի վտարումը մեծ սխալ մըն է, եւ ոչ ոք կրնայ զայն արդարացնել»:

«Կրնանք Դիմադրութեան իրագործած համեմատական հաւասարակշռութեան մասին խօսիլ, եւ մարտի դաշտին վրայ անոր տոկունութիւնը թշնամիի նպատակներու իրագործումը կ՛արգիլէ», նշեց Իզետտին:

«Դիմադրութիւնը թշնամիին պիտի չարտօնէ իր վերահսկողութիւնը ամրապնդել, եւ գիւղ մը կամ շրջան մը մուտք գործելը չի նշանակեր հոն հաստատ մնալ», յայտնեց երեսփոխանը:

«Իզետտին ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը յաջողեցաւ Լիբանանի մէջ ձեռք բերել այն, ինչ որ դիւանագիտութիւնը 18 տարուան ընթացքին չյաջողեցաւ իրագործել»:

«Կարգ մը կողմեր իսրայէլեան ծրագիրին համահունչ կը գործեն եւ թշնամին կը հրաւիրեն հայրենիքի գործընկերներուն դէմ», նշեց ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաւի իր կարգին յայտնեց. «Թշնամին կ՛ուզէ կրակոցներու տակ բանակցիլ, որպէսզի գերակայ դիրքի վրայ ըլլայ»:

«Աչքերուն փոշի ցանելու փորձ կայ, եւ այսօր մեծ խնդիրը 2 մարտին Դիմադրութեան հասցէին որդեգրուած սխալ որոշումն է», ըսաւ ան:

Երեսփոխանը յայտնեց, թէ` «անհաւանական է, որ պատասխանատու պաշտօն վարող անձը ազգային ջիղէ զուրկ ըլլայ եւ ենթարկուի արտաքին թելադրանքներու»` հաշուի առնելով, որ` «պաշտօնատարները պէտք է իրենց դիրքորոշումները բարձրացնեն Լիբանանի ժողովուրդի հայրենասիրութեան մակարդակին»: Ան աւելցուց, որ` «չէզոք կողմերը կը հաստատեն, որ Իրանի դեսպանին դէմ որոշումին համար որեւէ արդարացում չկայ»:

Leave a Comment