Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ Թայուանի ընդդիմադիր Քումինթանկ կուսակցութեան ղեկավարը հրաւիրեց ապրիլին Չինաստան այցելելու: Այս մասին հաղորդեցին չինական պետական լրատուամիջոցներն ու թայուանական կուսակցութիւնը:
Քումինթանկ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, հաստատեց չինական «Շինխուա» լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրը, նաեւ հաղորդած, թէ` Քումինթանկի ղեկավար Չանք Լի Ուոն «ուրախութեամբ ընդունած է» հրաւէրը պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով Չինաստան այցելելու «նեղուցի երկու ափերուն միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացումը ամրապնդելու համար»: