«Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Նախագահը

Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթոփ մտավախութիւն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու` Ուքրանիոյ վերաբերեալ վարած բանակցութիւնները հասած են անել կացութեան: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ-ն:

«Ատոր պատճառը կրնայ ըլլալ Իրանի մէջ պատերազմը, որ մեծապէս ուշադրութիւն կը շեղէ Ուքրանիոյ պատերազմէն, սակայն նաեւ հաւանական է, որ բանակցութիւնները հասած են անելի, եւ այլեւս որեւէ յառաջընթաց չ՛արձանագրուիր», ըսաւ ան:

«Կը կարծեմ, թէ ամերիկացի բանագնացները իրենց առաւելագոյն ջանքը թափեցին, եւ խնդիրի էութիւնը կը կեդրոնանայ մէկ հարցի շուրջ, որ կը վերաբերի Տոնեցքին եւ վիճելի հողերուն: Սակայն մեծագոյն խնդիրը այն է, որ չեմ կարծեր, թէ Ռուսիան խաղաղութիւն կ՛ուզէ», աւելցուց Ֆինլանտայի նախագահը:

 

Leave a Comment