«Էֆ.Էս.Պի.»-ն Բրիտանացի Դիւանագէտ Ռենսպըրկի Մօտ Հետախուզական Գործունէութեան Փաստեր Յայտնաբերած Է

Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային գրասենեակի` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի աշխատակիցները Բրիտանիոյ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Եանսէ վան Ռենսպըրկի մօտ հետախուզական գործունէութեան փաստեր յայտնաբերած են. ան զրկուած է հաւատարմագրումէն, անոր հրահանգուած է երկու շաբթուան ընթացքին լքել Ռուսիան: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են «Էֆ.Էս.Պի.»-էն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Ռուսիան անմիջապէս պիտի պատասխանէ, եթէ Բրիտանիան Մոսկուայի բրիտանական դեսպանատան աշխատակիցը հաւատարմագրումէն զրկուելէն ետք մագլցումի դիմէ:

 

Leave a Comment