«Քուպան ձախողած պետութիւն է, եւ պիտի ըլլայ յաջորդը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Քուպան պիտի ըլլայ յաջորդը: Անիկա ձախողած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը: Երկիրը կարճ ժամանակ ետք պիտի փլուզուի: Եւ մենք պիտի ըլլանք անոնց կողքին` օգնելու համար: Մենք պիտի ըլլանք կողքին` օգնելու մեր մեծ թիւով քուպայական ծագումով ամերիկացիները, զորս Քուպայէն վտարած են:
«Բազմաթիւ պարագաներու անոնց ընտանիքի անդամները խոշտանգուած եւ սպաննուած են Քասթրոյի կողմէ: Այնպէս որ, այո՛, Քուպան յաջորդը պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ` պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Սպիտակ տան ղեկավարը ի՞նչ նկատի ունէր Քուպային` յաջորդը ըլլալուն մասին խօսելով:
Միւս կողմէ` ԱՖՓ հաղորդեց, որ 730 հազար տակառ քարիւղով բեռնաւորուած եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ ռուսական «Անաթոլի Քոլոտքին» նաւթատարը երէկ հասած է Քուպա` մարտահրաւէր ուղղելով ուժանիւթի սուր տագնապ դիմագրաւող կղզիի ամերիկեան շրջափակումին:
Թրամփ կիրակի օր յայտարարեց, թէ որեւէ խնդիր չի տեսներ այդ քարիւղատարին Քուպա հասնելուն մէջ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին յայտարարեց. «Չինաստանը ամերիկեան կողմին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ վերցնել Քուպայի որեւէ ձեւի շրջափակումն ու անոր դէմ պատժամիջոցները: Չինական կողմը պիտի շարունակէ Հաւանային աջակցութիւն ցուցաբերել իր սեփական միջոցներով»:
Ան աւելցուց, որ Չինաստանը հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու օգտին, հաստատակամօրէն կ՛աջակցի Քուպային անոր գերիշխանութեան պաշտպանութեան մէջ եւ կտրականապէս դէմ է որեւէ պատրուակով օտարերկրեայ միջամտութեան: