Զատկուան եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնները, ներառեալ` Սուրբ Լոյսի իջման արարողութիւնը Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Աւագ Շաբաթ օրը` ապրիլ 11-ին, ապահովական նկատառումներէ մեկնելով պիտի կատարուին սահմանափակ ձեւաչափով: Երուսաղէմի Հին քաղաքի սրբավայրերը փակ պիտի մնան ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Այս մասին կը նշէ «Ռիա Նովոստի»-ն:
Այս առիթով հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Երուսաղէմի շրջանի ոստիկանութիւնը 30 մարտի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է լատին կաթողիկէ կարտինալ Փիեռպաթիսթա Փիցապալլայի հետ, եւ որոշուած է, որ աւանդական արարողութիւնները պիտի կատարուին խորհրդանշական ու սահմանափակ ձեւաչափով: