Պայրագտարեան Կը Գուժէ «Ռիսալա» Սկաուտական Միութեան Շտապօգնութեան Վեց Անդամներուն Մահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան գուժեց մահը «Ռիսալա Իսլամիա» սկաուտական միութեան շտապօգնութեան վեց անդամներուն, որոնք շաբաթ եւ կիրակի օր նահատակուեցան:

Պայրագտարեան յայտնեց. «Շտապօգնութիւն կատարողները դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելը կը հակասէ բոլոր անգիր օրէնքները, ուխտերն ու միջազգային օրէնքները, մանաւանդ որ անոնք իրենց կամաւոր աշխատանքը կը կատարեն ծառայելու համար մարդուն ու հայրենիքին, եւ պէտք է վայելեն անձեռնմխելիութիւն, որուն ուշադրութիւն չ՛ընծայեր իսրայէլացի թշնամին»:

Նախարարը ցաւակցութիւն յայտնեց վեց զոհերու ընտանիքներուն եւ «Ռիսալա Իսլամիա»-ի ղեկավարութեան:

Պայրագտարեան հեռաձայնեց «Ռիսալա Իսլամիա»-ի ընդհանուր ղեկավարի տեղակալ Քասեմ Օպէյտին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց վեց նահատակներուն համար:

Leave a Comment