Ժահժահ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը 5 Եւ 7 Օգոստոսին, Մինչեւ Իսկ 2 Մարտ 2026-ին Յանդուգն Որոշումներ Որդեգրեց»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ օր Մեհրապի մէջ «Ազգային հանդիպում»-ի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Քառասուն տարիէ ի վերջ եւ մինչեւ այսօր ամէն ինչ ըրինք, որպէսզի Լիբանանը զերծ կացուցենք այսօր անոր դիմագրաւածէն»:

«Ցոյց կատարեցինք, պահանջեցինք, բանտարկուեցանք եւ շարք մը նահատակներ տուինք, Ռաֆիք Հարիրիէն մինչեւ Լուքման Սլիմ, սակայն անոնք երկիրը ներկայ իրավիճակին մատնելու վրայ պնդեցին», նշեց ան:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը 5 եւ 7 օգոստոս 2025-ին, մինչեւ իսկ 2 մարտ 2026-ին շատ յանդուգն որոշումներ որդեգրեց, եւ ապահովական մարմինները պէտք է գործադրեն այդ որոշումները, որոնց շարքին է Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին նկատմամբ արտաքին գործոց նախարարութեան հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին հետ համակարգումով որդեգրած որոշումը», յայտնեց Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը աւելցուց. «Մենք այստեղ հաւաքուած ենք ոչ թէ իբրեւ Հըզպալլայի դէմ թշնամանքի արտայայտութիւն, այլ Լիբանանը աւելի վատէն զերծ կացուցելու համար: Կուսակցութեան բազմիցս կոչ ուղղեցինք` Լիբանանը զերծ կացուցելու, սակայն մտիկ չըրին, յուսանք այսօր կը լսեն»:

Leave a Comment