Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր օգնականներուն ըսած է, թէ կ՛ուզէ անվերջ պատերազմէ խուսափիլ եւ բանակցուած ելք մը գտնել:
Պաշտօնատարը նշած է, որ Թրամփ իր օգնականները յորդորած է ապահովելու, որ թշնամական արարքներու տեւողութիւնը 4-էն 6 շաբթուան միջեւ ըլլայ:
Թրամփ սպառնացած է զինուորական աւելի մեծ մագլցումի դիմել, եթէ Իրանի հետ բանակցութիւնները ձախողին:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Էմիր Սուլթան» ռազմակայանին դէմ իրանեան հարուածին հետեւանքով արձանագրուած վիրաւոր ամերիկացի զինուորներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 20-ի»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ յարձակումը տեղի ունեցած է ուրբաթ օր, երբ բոլոր զինուորները ռազմակայանին շէնքերէն մէկուն մէջ էին: «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթերը հաղորդեցին, որ յարձակումին պատճառով վնասուած են վառելանիւթի մատակարարման շարք մը օդանաւեր:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ իրանեան հրթիռ մը Պիր Սապաայի մօտ հարուածած է քիմիական նիւթերու գործարան մը: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ գործարանը «վտանգաւոր նիւթեր կը պարունակէ»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը յայտնեց, որ Պիր Սապաայի բնակիչներուն ցուցմունք տրուած է ապաստարանները մնալու` մեկնելով քիմիական գործարանէն վտանգաւոր նիւթերու սպրդման մտավախութենէն:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան գործարան մը հարուածեց»:
Հուսիները շաբաթ օր յայտարարեցին, թէ Իսրայէլի վրայ հրթիռ մը արձակած են` նկատի ունենալով Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի ենթակառոյցներուն վրայ իսրայէլեան զինուորական մագլցումի շարունակումը եւ ընդգծելով, որ իրենց գործողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ յայտարարուած նպատակներու իրագործումը:
Հուսիները նշեցին, որ հեռահար հրթիռներով թիրախաւորած են «բռնագրաւեալ Պաղեստինի հարաւը գտնուող իսրայէլացի թշնամիի զգայուն զինուորական թիրախներ»:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց. «Հուսիներուն Նեկեւի ուղղութեամբ հրթիռ արձակելը անպատասխան պիտի չմնայ»:
Նշենք, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ ուրբաթ գիշեր յայտնեց, որ կը կարծէ, թէ այս շաբաթ Իրանի հետ ժողովներ պիտի գումարուին:
«15 կէտերէ բաղկացած առաջարկին վերաբերեալ Իրանէն պատասխանի մը կը սպասենք», նշեց Ուիթքոֆ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Փենթակոն Իրանի մէջ շաբաթներու վրայ երկարող ցամաքային գործողութիւններու կը պատրաստուի»:
«Իրանի մէջ ցամաքային որեւէ գործողութիւն ամբողջական ներխուժման աստիճանին պիտի չհասնի», ընդգծեցին պաշտօնատարները` նշելով. «Գործողութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ մասնայատուկ գործողութիւններու ուժերու եւ հետեւակներու միացեալ յարձակումներով»:
Սպիտակ տան բանբերը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է. «Փենթակոնին պարտականութիւնն է պատրաստութիւններ տեսնել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին առաւելագոյն ընտրանքներ տրամադրել, սակայն Փենթակոնին պատրաստութիւնները չեն նշանակեր, թէ Թրամփ որոշում մը տուաւ»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «2500 ամերիկացի նաւազներ հասան Միջին Արեւելք»:
Քալիպաֆ. «Թշնամին Հրապարակաւ Բանակցութեան Պատգամներ Կը Յղէ, Եւ Գաղտնաբար Ցամաքային Յարձակում Կը Ծրագրէ»
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց. «Թշնամին հրապարակաւ բանակցութեան պատգամներ կը յղէ եւ գաղտնաբար ցամաքային յարձակում կը ծրագրէ»:
«Ամերիկացիները կը ջանան մեզ ստիպել, որ անձնատուր ըլլանք, եւ մեր պատասխանը յստակ պիտի ըլլայ, եւ երբեք պիտի չընկրկինք», նշեց ան:
Քալիպաֆ. «Պատերազմը իր ամէնէն զգայուն պահուն մէջ է», շեշտեց Քալիպաֆ:
Փեզեշքիան. «Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններու Համար Վստահութեան Կը Կարօտինք»
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Փաքիստանի վարչապետ Մոհամետ Շահպազ Շարիֆին յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն համար վստահութեան կը կարօտի:
Ան բարձր գնահատեց խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Փաքիստանի դերակատարութիւնը:
Իրանի նախագահը յայտարարեց. «Շարունակ ընդգծեցինք, որ կանխարգելիչ յարձակումներ պիտի չշղթայազերծենք, սակայն ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք, եթէ մեր ենթակառոյցները յարձակումի ենթարկուին»:
Մինչ այդ, փաքիստանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կիրակի օր պիտի գումարուի Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ժողով մը:
Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ քառակողմ ժողովի նպատակը Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան մեղմացումն է:
Փաքիստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար Իսլամապատի մէջ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր վճռական ժողովի նախօրեակին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկու նախարարները քննարկած են շրջանային կացութիւնն ու ընթացիկ զարգացումները:
Իսհաքտար շեշտած է. «Անհրաժեշտ է լարուածութիւնը մեղմացնել, եւ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը միակ ուղիներն են տեւական խաղաղութեան հաստատման համար»:
Երկու նախարարները ընդգծած են «բոլոր յարձակումներն ու թշնամական արարքները դադրեցնելու կարեւորութիւնը»:
Պըն Զայետ. «Ապու Տապին Ամբողջովին Պատրաստ Է Դիմակայելու Սպառնալիքները Եւ Ինքնիրեն Կը Վերապահէ Ինքնապաշտպանութեան Իր Ամբողջական Իրաւունքը»
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան շաբաթ օր ընդունեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին եւ անոր հետ քննարկեց շրջանի ապահովական կացութիւնը, շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան վրայ անոր հետեւանքները, ինչպէս նաեւ միջազգային նաւարկումի եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ անոր ազդեցութիւնը:
Պըն Զայետ բարձր գնահատեց ներկայ պայմաններուն մէջ Ուքրանիոյ նախագահին այցելութիւնը` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու տոկունութիւնը:
Զելենսքի վերահաստատեց «ահաբեկչական յարձակումին» իր դատապարտումը` զայն նկատելով պետութիւններու գերիշխանութեան, միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան խախտում, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ականահարող քայլ:
Պըն Զայետ ընդգծեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները տագնապին հետ կը վարուին իմաստութեամբ ու համբերութեան` մեկնելով շրջանին յաւելեալ լարուածութիւններէ խնայելու իրենց նախանձախնդրութենէն` շեշտելով, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ ամբողջ ուժով պաշտպանել իր գերիշխանութիւնը եւ հաստատ կերպով կանգնիլ քաղաքայիններուն եւ քաղաքային ենթակառոյցներուն դէմ ահաբեկչական յարձակումներուն դէմ»:
Ան ըսաւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ամբողջովին պատրաստ են բոլոր սպառնալիքները դիմակայելու եւ իրենք իրենց կը վերապահեն միջազգային օրէնքով երաշխաւորուած ինքնապաշտպանութեան ամբողջական իրաւունքը:
Պըն Զայետ վերահաստատեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի բոլոր ջանքերուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակը Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատումն է:
Զելենսքի յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ պաշտպանողական ոլորտին մէջ գործակցութեան համաձայնութիւն կնքուած է:
Միւս կողմէ, Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը Ուքրանիոյ նախագահին հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային կացութիւններու զարգացումները:
Պըն Համատ իշխանն ու Զելենսքին ընդգծեցին Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ մագլցումը նուազեցնելու ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Քըրքաշ. «Քաղաքական Որեւէ Լուծում Պէտք Է Փոխհատուցումներ Եւ Յարձակումներու Կրկնութիւնը Արգիլող Յստակ Երաշխիքներ Պարունակէ»
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ Արաբական ծոցի երկիրներուն դէմ իրանեան յարձակումի հարցը կարգաւորող քաղաքական որեւէ լուծում պէտք է ապագային անոր կրկնութիւնը արգիլող յստակ երաշխիքներ ներառէ եւ ամրագրէ յարձակումի բացառման սկզբունքը, ինչպէս նաեւ ներառէ քաղաքային ու կենսական կառոյցներու եւ քաղաքայիններու թիրախաւորման համար իրանեան փոխհատուցումներ:
«Իրան պատերազմէն առաջ իր մտադրութիւններուն վերաբերեալ իր դրացիները խաբեց եւ ծածուկ թշնամանք ցուցաբերեց, հակառակ ատկէ խուսափելու անոնց անկեղծ ջանքերուն, ինչ որ այս երկու հոլովոյթները կը դարձնեն հիմնական դիմակայման մէջ վարչակարգի մը, որ այլեւս Արաբական ծոցի անվտանգութեան թիւ մէկ սպառնալիքը կը ներկայացնէ», աւելցուց Քըրքաշ:
Իրանը Եւ Լիբանանը Թիրախաւորող Պատերազմին Դէմ Բողոքի Ցոյցեր Եւրոպական Մայրաքաղաքներու Մէջ
Շաբաթ օր եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան եւ Իրանի դէմ անոր պատերազմին, Իսրայէլի նկատմամբ բացարձակ զինուորական ու քաղաքական աջակցութեան ու Լիբանանը թիրախաւորող պատերազմին դէմ բողոքի ցոյցեր:
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ ցուցարարներ հաւաքուեցան «Օտենպլան» հրապարակին վրայ եւ քայլարշաւ կատարեցին դէպի շուէտական խորհրդարան:
Ցուցարարները կը կրէին պատանքներու մէջ գտնուող նորածին մանուկներու խրտուիլակներ` խորհրդանշելով Կազայի եւ Լիբանանի մէջ սպաննուած երեխաները:
Ցուցարարները դատապարտեցին շուէտական կառավարութեան լռութիւնը եւ իսրայէլեան յարձակումներուն Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը` պահանջելով պատերազմի անմիջական դադրեցումը:
Նետերլանտներու Լա Հէյ քաղաքին մէջ ցոյցերը կեդրոնացան Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին վրայ:
Ցուցարարները բարձրացուցին պաստառներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփն ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «ոճրագործներ» կ՛որակեն:
Ցուցարարները Նետերլանտներու կառավարութեան կոչ ուղղեցին` խզելու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները, եւ Իրանի գերիշխանութեան ու միջազգային օրէնքի ոտնահարման դէմ կանգնելու` այդ յարձակումները նկատելով ամբողջ շրջանի բռնկեցման վտանգը աւելցնող:
Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ հարիւր հազարաւորներ մասնակցեցան Պաղեստինի զօրակցութեան եւ Իրանի վրայ յարձակումներուն դէմ քայլարշաւի մը:
Ցուցարարները բարձրացուցին Պաղեստինի, Իրանի եւ Լիբանանի դրօշները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Դադրեցուցէ՛ք Իրանի ռմբակոծումը», «Ազատ Պաղեստին», «Կազան առանձին չէ», «Էփշթայնի բարեկամներ եւ պատերազմական ոճիրներ գործողներ»:
Հռոմի մէջ ցուցարարները հրկիզեցին ամերիկեան ու իսրայէլեան դրօշները եւ դատապարտեցին Սիկիլիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու գոյութիւնը:
Ցուցարարները Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հրաժարականը պահանջեցին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ ՕԹԱՆ-էն դուրս գալը: Անոնք մերժեցին «Թրամփի կայսերապաշտութիւնը», որ աշխարհը դէպի Համաշխարհային Գ. պատերազմ կը մղէ:
Նոյնպիսի ցոյցեր տեղի ունեցան Սպանիոյ Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենսիա եւ Սեւիլիա քաղաքներուն մէջ:
Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ դէպի ամերիկեան դեսպանատուն քայլարշաւի ընթացքին ցուցարարները պահանջեցին արտասահման գտնուող բոլոր յունական ուժերն ու զէնքերը տուն վերադարձնել եւ Միացեալ Նահանգներուն ու ՕԹԱՆ-ին չարտօնել Իրանի վրայ յարձակումներու համար յունական հողերու վրայ գտնուող ռազմակայանները օգտագործել:
Նոյնպիսի ցոյցեր տեղի ունեցան Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի «Փոցտամըր Փլաց» հրապարակին վրայ եւ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ: