Միացեալ Նահանգներուն փոխնախագահին յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն շահագրգռուած չէ Իրանի մէջ մնայուն գործողութիւններով, կը կապուի անշուշտ իր գերադասին տուած պայմանաժամին հետ: Ան ըսած է նաեւ, որ շուտով ամերիկեան զօրքերը կը հեռանան` եւ վառելիքի գիները դարձեալ կը վերադառնան իրենց նախկին թիւերուն:
Եթէ յայտարարութեան առաջին բաժինը կը կապուի նախագահ Թրամփի ճշդած տասնօրեայ ժամկէտին, ապա երկրորդ բաժինը` միջազգային հանրային կարծիքին եւ ինչու չէ նաեւ ներքին լսարանին. ներքին լսարանը ամերիկեան այսօրուան վարչակարգին կապուած է կարեւոր մասով` տնտեսական քաղաքականութեան զօրակցելով: Պատերազմի իբրեւ հետեւանք սակագիներու մագլցումը խախտած է այդ զօրակցութեան չափը: Գործող վարչակարգը ընտրական փուլի սեմին է եւ անհրաժեշտութիւնը ունի տնտեսական կէտեր արձանագրելու:
Վանսի մեկնաբանելի այս յայտարարութեան կը կապուի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հրապարակումը, առ այն, որ Սպիտակ տան պաշտօնատար մը փոխանցած է, որ նախագահ Թրամփ իր օգնականներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ անվերջանալի պատերազմէ խուսափիլ եւ բանակցային ելք գտնել: Յորդորած է նաեւ համապատասխան պաշտօնատարներու, որ ռազմական գործողութիւնները դադրին 4-6 շաբաթէն:
Հիմա, փորձենք կէտ առ կէտ ընթանալ եւ ընկալել այս հրապարակումներուն միտք բանին: Նախ, արձանագրենք, որ «Ռոյթըրզ»-ը համաշխարհային լրատուական գործակալութիւն է եւ անհաւաստիութեամբ չի յատկանշուիր: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ հրապարակումի աղբիւրը, այս պարագային Սպիտակ տան պաշտօնատարը անպայման ճիշդ տեղեկութիւն փոխանցած է: Այս պարագային, Թրամփի ժամկէտը, Վանսին յայտարարութիւնը եւ «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդածը իրար կը լրացնեն: Կայ յստակ ուղերձ, երեքին պարագային, պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման համար ելք որոնելու:
Այդ ելքը անպայման Ուաշինկթընի յղած 15 կէտնոց առաջարկները կրնան չըլլալ: Գուցէ այդ առաջարկներէն մաս մը: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը իր կատարած յայտարարութեամբ կ՛ընդգծէ, որ խնդիրը վառելիքին կը վերաբերի անմիջականօրէն: Իսկ վառելիքը «Հորմուզ»-ն է, որուն շուրջ կը կատարուի պատերազմը եւ որուն շուրջ ալ պիտի կատարուին բանակցութիւնները:
Չի բացառուիր ուրեմն, որ ելքի որոնման համար սկսին, թէկուզ միջնորդաւորուած, բանակցութիւնները: Մանաւանդ որ ժամկէտներ կը յայտարարուին եւ կարճատեւ կ՛երկարաձգուին: Թեհրանի պատասխանը` մերժում-հերքումի սահմաններէն կամաց-կամաց դուրս կու գայ. Իրանի նախագահը կը խօսի բանակցութիւններու սկսման համար վստահութեան պակասի մասին: Խօսքը ուղղուած է նախորդ բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան յարձակումներուն մասին: Այլ խօսքով, բանակցելու համար երաշխիքներ պէտք են, որ Ուաշինկթընը բանակցութիւններու ընթացքին պիտի չկրկնէ նախորդ բեմագրութիւնը եւ յարձակում գործէ Իրանի վրայ: Այս կերպ, կը հասկցուի, որ բանակցութիւնները կը սկսին միայն պատերազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցումէն ետք:
Լիբանանէն դիտուած, եթէ կայ նման մեկնարկային փուլի հաւանականութիւն, ապա բոլոր կողմերը պէտք է պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման ընդառաջ դադրեցնեն նաեւ հռետորաբանական յարձակումները եւ հաստատեն յայտարարողական զինադադար: Հրահրիչ կոչերն ու արմատական դիրքորոշումները չեն օգներ ներլիբանանեան իրավիճակի անդորրութեան պահպանման եւ մանաւանդ քաղաքական առումով կը տարանջատուին այդ միտումներէն եւ քայլ չեն պահեր տարածաշրջանին մէջ ի վերջոյ սկսելիք բանակցային գործընթացին հետ:
Համալիբանանեան դիրքորոշումը պէտք է շարունակէ կառչած մնալ երկրի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքներուն եւ անոնց համար` ներլիբանանեան անդորրութեան հրամայականին:
«Ա.»