ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

28 փետրուարին Իրանի դէմ սկսած ամերիկեան-իսրայէլեան օդային հարուածներուն պատճառով Միջին Արեւելքը կը թեւակոխէ լուրջ անկայունութեան նոր շրջան մը:

Անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած զարգացումները, պատերազմական լարուածութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի ու Իրանի օգտագործած ռազմարուեստն ու ռազմավարութիւնը կը փաստեն, որ ժամանակակից պատերազմները այլեւս չեն յատկանշուիր միմիայն բանակի մարտունակութեամբ: Այսօր արհեստագիտութիւնը, անօդաչու սարքերը, հետախուզական համակարգերը եւ արհեստական բանականութիւնը դարձած են պատերազմներու բնոյթը փոխող գլխաւոր գործօնները:

Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Կազա, ապա Իրան եւ Լիբանան պատերազմական ալիքը կը տարածուի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Լիբանանը անգամ մը եւս կը գտնուի այս վտանգաւոր զարգացումներուն ազդեցութեան տակ: Թէեւ երկիրը ամբողջական պատերազմի մէջ չէ, սակայն սահմանամերձ շրջաններէն մինչեւ մայրաքաղաքը` Պէրութը, յատկապէս Պէյրութի Հարաւային արուարձանները կը մնան թիրախ իսրայէլեան օդային յարձակումներուն: Լիբանան արդէն իսկ կը տառապի` տնտեսական փլուզումէ, քաղաքական անկայունութենէ, պետական կառոյցներու թուլացումէ: Այս յարձակումներուն պատճառով բազմաթիւ գիւղեր եւ բնակավայրեր վնասուած են, իսկ հազարաւոր լիբանանցիներ ստիպուած են լքել իրենց տուները: Այսօր անոնցմէ շատեր տեղահանուած են` ապրելով ժամանակաւոր կայարաններու մէջ, շատեր նոյնիսկ` վրաններու տակ կամ ճանապարհներուն եզրին:

Ներկայ իրավիճակը կը խորացնէ երկրին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները եւ կը ծանրացնէ ժողովուրդին առօրեան: Եթէ տարածաշրջանային լարուածութիւնը շարունակէ աճիլ, Լիբանանը կրնայ աւելի խոր ճգնաժամի մատնուիլ: Այդ պարագային, հետեւանքները կրնան ըլլալ աղէտալի` թէ՛ երկրի ներքին կայունութեան, թէ՛ ժողովուրդին առօրեային համար:

Իրանի դէմ պատերազմը ոչ միայն կը վտանգէ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը, այլ նաեւ` Հարաւային Կովկասի: Արցախեան պատերազմէն ետք տարածաշրջանը կը մնայ անկայուն, եւ պատերազմի վտանգը մնայուն ներկայութիւն է: Անդին` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական սերտ համագործակցութիւնը, Հայաստանէն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի պահանջը եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի տեսլականը միաժամանակ կը բարդացնեն Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ աճող լարուածութիւնը:

Միջին Արեւելքի ներկայ անկայունութիւնը եւ հայրենիքին ուղղուած սպառնալիքները դարձեալ կը շեշտեն կազմակերպուած երիտասարդութեան կարեւորութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` մնալով լիբանանահայ համայնքին եւ հայրենիքի վստահելի յենարանը: Այս գիտակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ համախմբել երիտասարդութիւնը` ամրապնդելով ազգային ոգին եւ պատասխանատուութեան զգացումը:

Leave a Comment