Ֆրանսա Յաղթեց Պրազիլին` 2-1 Արդիւնքով

Ֆոքսպորոյի մէջ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրազիլը:

Ֆութպոլի այժմու լաւագոյն խումբերէն նկատուող կազմերը Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէին եւ իրար դէմ մրցեցան Մեսեչուսեթցի մէջ, ուր Ֆրանսայի միակ հարցը մօտ 1 ժամ 15 վայրկեան փոխադրութիւնն էր Պոսթընէն` Ֆոքսպորօ:

«Կը կարծեմ, որ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ Մոնտիալին, բայց միակ հարցը փոխադրութիւնն է, որ յոգնեցուցիչ կրնայ ըլլալ մրցումէն առաջ», ըսաւ Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տերան, որ Մոնտիալէն ետք պիտի փոխարինուի Զինետտին Զիտանով:

«Լաւ մարզադաշտ, լաւ խոտածածկ, ամէն ինչ լաւ էր մրցումին համար: Մթնոլորտը շատ լաւ էր, եւ մեծ թիւով համակիրներ ունէինք: Ամէն ինչ լաւ էր բացի արդիւնքէն», ըսաւ Պրազիլի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի:

Քիլիան Էմպափէ, որ ամիսէ մը ի վեր ծունկի ցաւէ կը տառապէր եւ Ռէալ Մատրիտի վերջին երկու մրցումներուն վերջին վայրկեաններուն միայն կը մասնակցէր, լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ կոլ մըն ալ նշանակեց, եւ 1 ժամ խաղալէ ետք փոխարինուեցաւ: Բ. կիսախաղի 10-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի կեդրոնի յետսապահ Տայօ Ուփամեքանօ կարմիր քարտ ստացաւ, բայց Ֆրանսա 2-րդ կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Ուկօ Էքիթիքէի լոպով` Մայքըլ Օլիսէի փոխանցումէն ետք: 78-րդ վայրկեանին Եուվենթուսի յետսապահ Պրեմեր նշանակեց Պրազիլի միակ կոլը:

 

Leave a Comment