Հայ Կինը Ազգային Պայքարի Ճամբուն Վրայ

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ

Ժողովուրդը կ՛առարկէ, թէ կինը այնքան հիմնական դերակատարութիւն չունի  կեանքի  զանազան ոլորտներու մէջ: Անոնք կը մտածեն, թէ կինը միայն սահմանափակուած է իր հեզութեամբ:

Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ հակասող տարբերակներ ցոյց կու տան, թէ կին դասակարգը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ: Կին դասակարգը հիմնական դեր ունեցած է նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ` կրթութենէ մինչեւ ֆետայական շարժումներու մասնակցութիւն:

Սօսէ Մայրիկ եւ իրեն նման այլ յեղափոխական կիներ մարմնաւորեցին այս գաղափարը: Հայ կինը միայն ընտանիքի պահապան չէ, այլեւ` ազգի պաշտպան: Հայ կինը ոչ միայն կնոջ ու մօր դեր կատարեց, այլ նաեւ զէնք վերցուց եւ մասնակցեցաւ զինեալ պայքարին` պաշտպանելով հայկական գիւղերը օսմանեան բռնաճնշումներու դէմ: Կարելի է նաեւ յիշել Ռուբինան, որ իր համարձակութեամբ եւ անձնազոհութեամբ դարձաւ օրինակելի կերպար: Ռուբինան կը պատկանէր այն սերունդին, որ գիտակցեցաւ, թէ հայրենիքի ազատութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն խօսք եւ գաղափար, այլ նաեւ` գործ եւ զոհողութիւն: Ռուբինան ռումբ պահած էր իր հագուստին մէջ` զայն գաղտնի կերպով փոխադրելու համար:Այս դէպքերը կը վկայեն, թէ հայ կիները ազգային պայքարին մէջ միայն օժանդակ դերակատարութիւն չունէին: Անոնք նոյնքան պատասխանատու եւ խիզախ էին, որքան տղամարդիկ: Անոնք բոլորը շարունակեցին իրենց պայքարը դառնալով քաջութեան եւ նուիրումի խորհրդանիշ:

 

 

Leave a Comment