Իսլամապատ. «Փաքիստանի Ճամբով Միացեալ Նահանգներ-Իրան Անուղղակի Բանակցութիւններ»

Շրջանային աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իրան պատերազմի աւարտը կապեց Հըզպալլայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման:

Աղբիւրները նշած են, որ Իրան միջնորդներուն յայտնած է, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը ներառել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մէջ:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրանի գործակատարներու աշխատանքին վերջ տալն ու Հըզպալլան զինաթափելը Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան երաշխաւորման համար վճռական հարց է:

Իսրայէլեան ռազմավարութեան քաջածանօթ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հըզպալլայի վրայ Իսրայէլի յարձակումները մեծ հաւանականութեամբ Իրանի դէմ պատերազմէն ետք պիտի շարունակուին:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ եւ իսրայէլեան աղբիւր մը չորեքշաբթի գիշեր «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անցեալ շաբաթ փորձած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը մղել իրանցիներուն կոչ ուղղելու` վարչակարգի տապալման համար փողոց դուրս գալու, սակայն Թրամփ որոշած է այդ ուղղութեամբ չընթանալ, մեկնելով այն կարծիքէն, թէ պայմանները այդպիսի քայլի մը համար «հասունցած չեն»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը ժամանակաւորապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի անունները դուրս բերած են թիրախ եղող անձնաւորութիւններու ցուցակէն:

Փաքիստանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլ Արաղչին եւ Քալիպաֆը թիրախ եղող անձնաւորութիւններու ցուցակէն դուրս բերած է` զանոնք չթիրախաւորելու Փաքիստանի Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած դիմումէն ետք:

«Իսրայէլացիները անոնց տուեալները ունէին եւ կ՛ուզէին զանոնք սպաննել: Միացեալ Նահանգներուն ըսինք, որ եթէ անոնք եւս սպաննուին, ապա ոչ ոք պիտի մնայ, որուն հետ կրնանք խօսիլ, ուստի Միացեալ Նահանգները իսրայէլացիներէն պահանջեցին ետդարձ կատարել», ըսաւ պաշտօնատարը:

Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց. «Իրանի յարձակումները Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն մեծ վնասներ հասցուցին, եւ ամերիկեան ուժերուն ստիպեցին հեռակայ կարգով գործել»:

Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թրամփ իր մտերիմներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ երկարատեւ պատերազմէ խուսափիլ ու Իրանի հետ պատերազմը յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին աւարտել, եւ աւելցուցած, որ պատերազմը մուտք գործած է իր վերջին փուլերը:

Ըստ պաշտօնատարներուն, Թրամփ իր խորհրդականները յորդորած է յարգելու պատերազմին վերջ տալու համար 4-6 շաբթուան միջեւ տարուբերող ժամանակացոյց մը` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան վարչակազմը կը ծրագրէր մայիսի կիսուն Փեքինի մէջ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ վեհաժողով գումարել, այն պատկերացումով, որ պատերազմը ատկէ առաջ կ՛աւարտի:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Թրամփ այդ ժամանակացոյցը իրագործելու դիւրին ընտրանքներ չունի` նկատի ունենալով, որ խաղաղութեան բանակցութիւնը տակաւին իր սկզբնական փուլին մէջ է, եւ տարակարծութիւնը կը շարունակուի Թեհրանի հետ, որ մինչեւ հիմա կը մերժէ Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարել:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ. «Մինչ իսրայէլացի պաշտօնատարներու գնահատումով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութեան մը գոյացումը հաւանական չէ, սակայն անոնք մտահոգ են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ ժամանակաւոր զինադադար յայտարարել` համաձայնութեան հասնելու իր յանձնառութիւնը ապացուցելու համար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը օրաթերթին ըսած է. «Ներկայիս Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի դիրքորոշումները համաձայնութեան գոյացման կարելիութիւնը կը վերածեն չնչին կամ զերոյական, բայց եւ այնպէս Թրամփ կրնայ միշտ ալ մեզ անակնկալի մատնել»` աւելցնելով, որ Իսրայէլ որեւէ ցուցանիշ չունի, թէ Թրամփ կը պատրաստուի զինադադար յայտարարելու, սակայն այդ կարելիութեան կը պատրաստուի:

Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Փենթակոն կը պատրաստուի Իրանի հետ պատերազմին մէջ զգետնիչ հարուած հասցնելու զինուորական ընտրանքներու զարգացման` նշելով, որ Փենթակոնի ընտրանքները կրնան ներառել ցամաքային ուժերու օգտագործում եւ Իրանի դէմ լայնածաւալ ռմբակոծման արշաւ»:

«Թեհրանի դէմ զինուորական մագլցումը կրնայ աւելնալ, եթէ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց չարձանագրուի եւ Հորմուզի նեղուցը փակ մնայ», նշեցին աղբիւրները:

«Ամերիկեան բանակը բարձր համեմատութեամբ իւրանիոմը ձեռք ձգելու համար իրանեան հողերու խորքին մէջ ցամաքային գործողութիւններու ծրագիրներ պատրաստեց», աւելցուցին աղբիւրները:

Իսհաքտար. «Միացեալ ՆահանգներԻրան Անուղղակի Բանակցութիւններ` Իսլամապատի Միջոցով Փոխանցուած Պատգամներու Ճամբով»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար նշեց. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` Իսլամապատի միջոցով փոխանցուած պատգամներու ճամբով»:

«Թուրքիան, Եգիպտոսն ու այլ պետութիւններ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններու նախաձեռնութեան աջակցութիւն կը տրամադրեն», յայտնեց փաքիստանեան դիւանագիտութեան պետը:

Չինաստան Պատրաստ Է Շինիչ Դերակատարութիւն Ունենալու

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութիւններուն զօրակցող նշաններ ցոյց տուին, ինչ որ խաղաղութեան համար յոյսի նշոյլ մը կ՛ապահովէ»:

Անոր գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը աւելցուց. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է հակամարտութեան կողմերը քաջալերէ երկխօսութեան մէջ ներքաշուելու: Բանակցութիւններու սկիզբով խաղաղութիւնը կարելի կը դառնայ»:

Ուանկ Եի չճշդեց իր ակնարկած իրանեան «նշանները»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի չորեքշաբթի օր վերահաստատած էր, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու «մտադրութիւն չունի»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Փեքին պատրաստ է շինիչ դերակատարութիւն ունենալու»:

Թրամփ. «Իրանցի Բանագնացները Պէտք Է Հարցը Լուրջի Առնեն, Նախքան Ուշ Ըլլալը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանցիները մեզի կ՛աղաչեն գործարք կնքելու, բայց եւ այնպէս հրապարակաւ կը յայտարարեն, թէ ամերիկեան առաջարկը միայն կը սերտեն», նշեց ան:

«Իրանցի բանագնացները պէտք է հարցը լուրջի առնեն, նախքան ուշ ըլլալը, որովհետեւ երբ ատիկա տեղի ունենայ, ետդարձ պիտի չըլլայ, եւ հարցը դիւրին պիտի չըլլայ», զգուշացուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանցի բանագնացները չափազանց տարբեր եւ տարօրինակ են», ըսաւ ան:

Թրամփ նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները Իրանի հարցով նշանակելի որեւէ օգնութիւն չցուցաբերեցին»:

«Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-էն ոչինչի կարիք ունին, սակայն պէտք չէ մոռնալ այս նշանակալից պահը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Անդամ Պետութիւնները Մասնակից Դարձնելու Որեւէ Բանակցութեան

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ որեւէ բանակցութեան Արաբական ծոցի երկիրները մասնակից դարձնելու կարեւորութիւնը:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Մոհամետ Պըտիաուի յայտարարեց. «Կը շեշտենք այս տագնապի լուծման որեւէ բանակցութեան կամ համաձայնութեան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ անոնց անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս այս յարձակումները չկրկնելու երաշխաւորման»:

Ան նշեց, որ Իրան «փակեց Հորմուզի նեղուցը եւ առեւտրական ու քարիւղատար նաւերու անցքը արգիլեց, ինչպէս նաեւ նեղուցէն անցնելու համար գումարներ պարտադրեց, եւ ատիկա բացայայտ ոտնձգութիւն է»:

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Մէջ Յաղթանակ Կ՛արձանագրենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ութ պատերազմներու վերջ տուի, եւ այժմ Իրանի դէմ պատերազմին մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրենք»:

«Իրանի դէմ մեր պատերազմին մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրենք, եւ անոնք մեզի հետ կը բանակցին եւ անհամբեր են գործարք կնքելու», ըսաւ ան:

«Միջին Արեւելքի մէջ մեր պարտութեան մասին լուրերը սուտ են, եւ մենք հիմա Իրանի դէմ յաղթանակ կ՛արձանագրենք», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Մենք Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի դէմ հսկայական եւ աննախադէպ յաղթանակներ կ՛արձանագրենք»:

«Իրանի մէջ չկայ մէկը, որ կ՛ուզէ նախագահի պաշտօնը վարել, եւ Թեհրան կը բանակցի ու բուռն կերպով կը փափաքի գործարք կնքել, սակայն անոր ղեկավարները կը վախնան իրենց ժողովուրդին կամ մեր ձեռքով սպաննուելէ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանի մէջ զինուորական զարգացումները յառաջիկայ միջանկեալ ընտրութիւններու կարեւորութեան վերաբերեալ ամերիկացիներուն յիշեցում են», նշեց Թրամփ:

«Իրանի հետ հակամարտութեան վերաբերեալ պատերազմ բառը չօգտագործեցի, որովհետեւ ատիկա պաշտօնական հաւանութիւն (Քոնկրեսի կողմէ, «Ա.») կը պահանջէ, ուստի կ՛օգտագործեմ զինուորական գործողութիւն բառակապակցութիւնը», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Իրանեան հիւլէական քաղցկեղի արմատախլման համար զինուորական միջամտութեան այլընտրանքը չունէինք: Իրանեան հիւլէական սպառնալիքի քաղցկեղը արմատախիլ ըրինք, եւ այժմ կը պատրաստուինք առաքելութիւնը ամբողջական կերպով աւարտելու», ըսաւ Թրամփ:

«Նախատեսեցի, որ քարիւղի սակարանին վրայ պատերազմին ազդեցութիւնը այսօր տեղի ունեցողէն աւելի վատ ըլլայ: Ուժանիւթի գիներու եւ սակարաններու նախատեսութիւնները զիս չմտահոգեցին, որովհետեւ խնդիրը կարճատեւ է», աւելցուց ան:

Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ. «Իրանի Մէջ «Դիւցազնական Զայրոյթ» Գործողութիւնը Աւարտելու Եզրին Է»

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն յայտարարեց. «Իրանի մէջ «Դիւցազնական զայրոյթ» գործողութիւնը աւարտելու եզրին է»: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը:

Ճոնսըն նշած է, որ զինուորական գործողութիւնը իրագործած է իր նպատակները, սակայն Հորմուզի նեղուց հասնելու հարցի կարգաւորումը գործընկերներու օժանդակութեան կը կարօտի:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին մէջբերելով Քոնկրեսէն պաշտօնատարներ յայտնեց. «Պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան Իրանի մէջ պատերազմի վերաբերեալ զեկուցումին ընթացքին լարուածութիւնը բարձրացաւ»:

«Հանրապետականներ եւ դեմոկրատականներ հիասթափութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ռազմավարութեան անյստակութեան նկատմամբ», ըսին պաշտօնատարները:

«Զեկուցումին մեծամասնութիւնը կը վերաբերէր Իրան ցամաքային ուժեր ուղարկելու հաւանականութեան», աւելցուցած են անոնք:

Աթէյպէ. «Զինադադարը Առանձինը Բաւարար Չէ, Վճռական Լուծումի Կարիք Ունինք»

Ուաշինկթընի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Աթէյպէ կոչ ուղղեց` Իրանի հետ պատերազմին «վճռական լուծում» գտնելու:

«Զինադադարը առանձինը բաւարար չէ», նշեց ան` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ, որուն ճամբով ան կը պատասխանէր իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթի անցեալ շաբթուան հաղորդման, թէ Ծոցի երկիրներու մեծամասնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղեն` Իրանը հարուածելը շարունակելու, երբ նախապէս պատերազմի շղթայազերծումէն զգուշացուցած էին:

«Զինադադարը առանձինը բաւարար չէ: Կարիքը ունինք վճռական ելքի մը, որ լուծում կը բերէ Իրանի բոլոր սպառնալիքներուն` անոր հիւլէական կարողութեան, անոր հրթիռներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերուն, անոր ահաբեկչական գործակատարներուն եւ միջազգային ծովային անցքերը պաշարելուն», գրեց դեսպանը:

«Տակաւին շատ բան կայ կատարելիք հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիքները վերացնելու համար: Մենք պատրաստ ենք միանալու նեղուցը (Հորմուզի, «Ա.») վերաբանալու եւ զայն բաց պահելու միջազգային նախաձեռնութեան մը», նշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը:

«Կ՛ուզենք, որ Իրան բնական դրացի մը ըլլայ: Անիկա կրնայ մեկուսացուած ըլլալ կամ նոյնիսկ ոչ փափաքելի, սակայն չի կրնար իր դրացիներուն վրայ յարձակիլ, միջազգային ջուրերը պաշարման ենթարկել կամ ծայրայեղականութիւն արտածել: Խնդիրին շուրջ պատուար կառուցելն ու անոր չքանալը մաղթելը լուծում չէ, այլ միայն յաջորդ տագնապի յետաձգման պիտի յանգեցնէ», գրեց Աթէյպէ:

Քըրքաշ. «Յարձակումի Շարունակութիւնը Իրանեան Վարչակարգը Միայն Աւելի Կը Մեկուսացնէ»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտարարեց. «Յարձակումի շարունակութիւնը իրանեան վարչակարգը միայն աւելի կը մեկուսացնէ»:

«Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի միաձայնութեամբ Ծոցի արաբական երկիրներուն եւ եղբայրական Յորդանանի վրայ իրանեան յարձակումը դատապարտելը միջազգային յստակ դիրքորոշում մըն է, որ կ՛ամրապնդէ այդ յարձակումներուն վտանգաւորութիւնը, միջազգային օրէնքի եւ պետութիւններու գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարումը», շեշտեց Քըրքաշ:

«Քաղաքայիններու ու ենթակառոյցներու թիրախաւորումը եւ ուժանիւթի ու նաւարկման անվտանգութեան վտանգումը առանց հաշուետուութեան պիտի չմնայ, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը երաշխաւորուած է», աւելցուց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահին խորհրդականը:

Տնտեսական Հետեւանքներ

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ սէուտական ԱՐԱՄՔՕ ընկերութիւնը ապրիլ ամսուան ընթացքին իր յաճախորդներուն պիտի մատակարարէ շուրջ 40 միլիոն տակառ քարիւղ, ինչ որ բնական մակարդակէն ցած է:

Քարիւղի սակարանային գիները երէկ բարձրացում արձանագրեցին` փոխհատուցելու համար սակարանային նախկին նիստի ընթացքին արձանագրուած կորուստները, մինչ ներդրողները վերատեսութեան կ՛ենթարկեն Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան հանդարտեցման կարելիութիւններու գնահատումը` մեկնելով Իրանի այն յայտարարութիւններէն, թէ կը սերտէ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկը:

«Պրենթ» քարիւղի գինը 1,8 առ հարիւրով բարձրանալով հասաւ տակառը 104,01 տոլարի, ամերիկեան քարիւղի գինը բարձրացաւ 1,7 առ հարիւրով եւ հասաւ տակառը 91,86 տոլարի: Անոնք երկուքն ալ չորեքշաբթի օր աւելի քան 2 առ հարիւրի անկում արձանագրած էին:

«Սի.Էն.Էն.» աւելի ուշ հաղորդեց, որ քարիւղի գիները բարձրացած են աւելի քան 3 առ հարիւրով եւ հասած շուրջ 106 տոլարի` պատերազմին մօտալուտ աւարտին նկատմամբ ներդրողներու կասկածին պատճառով:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ եւրոպական սակարանները երէկ անկում կրած են Եւրոպական կեդրոնական դրամատան կողմէ տոկոսներու բարձրացման կարելիութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին արագ լուծումի մը հասնելու յոյսերու փարատումին լոյսին տակ:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Մալեզիոյ վարչապետ Անուար Իպրահիմ յայտնած է. «Իրան մեր քարիւղատարներուն պիտի արտօնէ Հորմուզի նեղուցէն անցնիլ»:

Leave a Comment