Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Իրանի հաւատարմատարը եւ անոր փոխանցեց Լիբանանի որոշումը` յետս կոչելու Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանիի հաւատարմագրութիւնը, զայն նկատելու ոչ փափաքելի անձ եւ պահանջելու, որ Լիբանանէն հեռանայ մինչեւ 29 մարտ:
Նոյն պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհրդակցութիւններու համար Լիբանան կանչեց Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Սուէյտան` Լիբանանի պետութեան բնորոշումով Թեհրանի կողմէ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկզբունքներու խախտման լոյսին տակ:
Աւելի ուշ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակացուց, որ Իրանի դեսպանի հաւատարմագրութիւնը յետս կոչելը չի նշանակեր դիւանագիտական կապերը խզել Իրանի հետ:
Սահեր Կ՛ողջունէ Եւ Հըզպալլայի Դէմ Գործնական Քայլեր Որդեգրելու Կոչ Կ՛ուղղէ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր ողջունեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի` «Լիբանանի մէջ Իրանի նշանակուած դեսպանի վտարումի որոշումը»:
Սահեր նշեց, որ անիկա «արդարացուած եւ անհրաժեշտ քայլ է Լիբանանի գերիշխանութիւնը ոտնահարելու, Հըզպալլայի ճամբով երկիրը անուղղակի կերպով գրաւելու եւ պատերազմի մէջ ներքաշելու պատասխանատու պետութեան մը դէմ»:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` «գործնական ու ազդու քայլեր որդեգրելու Հըզպալլայի դէմ, որուն ներկայացուցիչները տակաւին անոր մէջ նախարարական պաշտօններ կը վարեն»:
Ժահժահ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Պէտք Է Իրանէն Փոխհատուցումներ Պահանջէ»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի կառավարութիւնը լաւ ըրաւ Իրանի դեսպանը վտարելու որոշումը որդեգրելով, եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժին այդ որոշումը քննարկեց հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին հետ»:
«Այս որոշումը պէտք էր երկար ատենէ ի վեր որդեգրուէր, Լիբանանի մէջ Իրանի միջամտութեան պատճառով: Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերը աներկբայելի կերպով ապացուցեցին, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը առնուազն հարիւրաւոր անձերով ներկայ է Լիբանանի մէջ եւ ուղղակի կերպով կը կառավարէ գործողութիւնները», ըսաւ ան:
«Լիբանանի կրած բոլոր վնասներուն պատասխանատուութիւնը պէտք է Իրանը կրէ, որովհետեւ Լիբանան պատերազմէն անմասն է, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է վնասներուն վերաբերեալ զեկուցում մը պատրաստէ եւ Իրանին ներկայացնէ», շեշտեց Ժահժահ:
«Լիբանանեան կառավարութիւնը պատերազմի որոշումը չտուաւ, եւ պիտի չընդունինք, որ պետութիւնը ոչ իսկ մէկ ոսկի ծախսէ պատերազմի մը վրայ, որ ինք չընտրեց, եւ զայն մղելու որոշումը մերը չէր: Լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է Իրանէն փոխհատուցումներ պահանջէ», ընդգծեց Ժահժահ:
Ֆատլալլա. «Դեսպանին Վտարումը Կը Հարուածէ Լիբանանի Շահերը Եւ Պիտի Տապալի»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա, մեկնաբանելով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանի վտարման որոշումը, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ անիկա «կը հարուածէ Լիբանանի շահերն ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւնները, եւ պիտի տապալի, իսկ զայն որդեգրողները պէտք է անկէ ետդարձ կատարեն»:
Քաղաքական աղբիւրներ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Իրանի դեսպանէն Լիբանանէն հեռանալու պահանջը քաղաքական, կուսակցական, հատուածական որոշում է ընդդէմ Լիբանանի շահին եւ անոր նպատակը լիբանանցիներէն մեծ հատուած մը գրգռելն է, եւ հանրապետութեան նախագահը պէտք է հարցը սրբագրէ»:
Միւֆթի Խաթիպ. «Ապօրինի Որոշում Է Եւ Լիբանանի Շահերուն Կը Վնասէ»
Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կտրուկ կերպով մերժեց Լիբանանէն Իրանի դեսպանը հեռացնելու Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումը եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «այս անպատասխանատու եւ աճապարուած որոշումէն ետդարձ կատարելու»:
«Այս որոշումը որեւէ պատրուակով արդարացում չունի, եւ անիկա արտաքին ցուցմունքներու ձրի զիջում է, առանց որ Լիբանանը այդ արտաքին ուժերէն որեւէ հետաքրքրութեան արժանանայ», ըսաւ ան:
«Անիկա ապօրինի որոշում է, կը վնասէ Լիբանանի շահերուն եւ կը գրգռէ լիբանանեան հասարակութեան հիմնական բաղադրիչ մը, եւ պէտք է անկէ ետդարձ կատարել», նշեց շէյխ Խաթիպ:
Ան նաեւ հեռաձայնեց Իրանի դեսպանին` դատապարտելով որոշումը եւ զօրակցութիւն յայտնելով «դեսպանին եւ Իսլամական Հանրապետութեան»:
Միւֆթի Քապալան. «Իրանի Դեսպանէն Կը Խնդրենք Չհեռանալ»
Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Ձախողելու եւ ստրկամտութեան իրենց սովորութեան համաձայն, Լիբանանի իշխանութիւնները կը պնդեն Իրանի դեսպանը վտարելով զոհաբերելու Լիբանանի շահերը` Ուաշինկթընը գոհացնելու համար, մինչ Ուաշինկթըն կ՛աղերսէ Թեհրանի հետ բանակցութիւններ վարել` ամերիկեան շահերը ապահովելու համար»:
«Որովհետեւ Լիբանանը ոտնակոխելի ագարակ չէ, եւ որովհետեւ Լիբանանի շահերը կ՛որոշուին գերիշխան շահերով, եւ ոչ թէ կուսակցական գրասենեակներով կամ միջազգային պատկանելիութեամբ, մենք Լիբանանի մէջ Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանէն կը խնդրենք չհեռանալ:
«Մենք պիտի չարտօնենք, որ անխոհեմ իշխանութիւնը քաղաքականապէս կամ գերիշխանօրէն դաշունահարէ Լիբանանը», յայտարարեց շէյխ Քապալան: