Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանէն դէպի հիւսիս գաղթած բնակիչները հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն անվտանգութեան երաշխաւորումէն առաջ Լիթանի գետէն հարաւ պիտի չվերադառնան:
Քաց յայտնեց, որ Լիթանի գետին վրայ գտնուող հինգ կամուրջներ պայթեցուած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի գրաւեն մնացեալ կամուրջներն ու մինչեւ Լիթանի երկարող ապահովական շրջանը:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ շրջան պիտի ստեղծենք Ռաֆահի եւ Պէյթ Հանունի մէջ մեր ստեղծածին օրինակով», յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ հարաւային Լիբանանի Պիր Սանասել, Տէյր Քիֆա, Քֆարտունին, Շհայպիէ, Սուլթանիէ, Տէյր Անթար, Քանթարա, Ղանտուրիէ եւ Պըրժ Քալաուէյ գիւղերու բնակիչներուն դարձեալ կոչ ուղղեց` անմիջապէս իրենց տուները դատարկելով Զահրանի գետէն հիւսիս ուղղուելու:
Ատրահի աւելի ուշ յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է Լիթանի գետին վրայ գտնուող յաւելեալ կեդրոնական անցքի մը վրայ, որ «Հըզպալլայի անդամներուն կողմէ կ՛օգտագործուէր»:
Իսրայէլ կէսօրին հարուածեց Սայտայի պաղեստինեան Միումիէ գաղթակայանին մէջ գտնուող յարկաբաժին մը:
Կէսօրէ ետք, Լեռնալիբանանի կարգ մը շրջաններու եւ Պէյրութի մէջ լսուեցան պայթումներու ձայներ: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, թէ հակաօդային հրթիռ մը պայթած է Քեսրուանի մէջ եւ անկէ բեկորներ ինկած են շրջանի տարբեր վայրերու մէջ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Ամերիկեան բանակի գնահատումով Լիբանանի մէջ ինկած իրանեան հրթիռը հաւանաբար կ՛ուղղուէր Կիպրոս, սակայն Լիբանանի վերեւ օդին մէջ մասնատուեցաւ»:
Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան օդային տարածքին մէջ իրանեան հրթիռ մը վնասազերծուեցաւ, եւ այդ մէկը տեղի ունեցաւ օտարերկրեայ ծովուժի մարտանաւի մը կողմէ»:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Հարաւային Լիբանանի Մաարաքէ գիւղին մէջ թիրախաւորեց մոթորսիքլեթ մը, իսկ իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Խըրպեթ Սըլմի եւ Տըպպինի վրայ:
Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Ատասեր դիրքն ու Մաալոթ Թարշիհայի մէջ գտնուող օդային պաշտպանութեան համակարգ մը:
Հըզպալլա նաեւ Թիպէ գիւղին մէջ հեռակառավարուող հրթիռով հարուածեց «Տի-9» տիպի իսրայէլեան զինուորական քարշակ մը:
Կուսակցութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Խիամի արգելափակման ճամբարի մերձակայքին մէջ հարուածած է իսրայէլեան երեք «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր ու զինուորական քարշակ մը, իսկ Քաուզահի ճամբուն վրայ այլ հրասայլ մը: