Հայկական Կողմի Նախաձեռնութեամբ Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին:

«Երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման երեւոյթները, ներառեալ համագործակցութիւնը տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն մէջ», գրուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի օրակարգի ծիրին վերաբերող հարցեր եւ համաձայնած յառաջիկայ յարմար առիթով քննարկումը շարունակել հանդիպման ձեւաչափով:

Leave a Comment