Ժոան Լափորթա վերընտրուեցաւ Պարսելոնա ակումբի նախագահ 5 տարուան համար, կիրակի գիշեր տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք:
Իր միակ մրցակիցը` Վիքթոր Ֆոնթ, աւելի կանուխ ընդունած էր իր ձախողութիւնը` շնորհաւորելով Լափորթայի յաղթանակը:
Քուէարկութիւններուն աւարտելէ ետք Լափորթա շահած էր քուէներուն 68 տոկոսը:
Ակումբը յայտնեց, որ աւելի քան 48 հազար (Պարսելոնայի 114 հազար ակումբի անդամներէն) քուէարկած էին «Քամփնու»-ի դաշտին մէջ եւ այլ սնտուկներու մէջ, որոնք զետեղուած էին Քաթալոնիոյ շրջանին մէջ` հիւսիսարեւելեան Սպանիոյ եւ Անտորրայի մէջ:
Լափորթա 2003-2010 ժամանակամիջոցին կը նախագահէր Պարսելոնային, երբ Կուարտիոլա եւ երիտասարդ Մեսսի փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:
Ան 2021-ին վերադարձաւ նախագահի իր դիրքին, երբ ակումբը նիւթական հարցերու մէջ կը գտնուէր Եոսեփ Պարթոմէոյի ժամանակաշրջանին «Քորոնա» ժահրի օրերուն:
Լափորթայի պատասխանը եղած էր «ազատիլ» Լիոնել Մեսսիէն, որ մեկնեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ ախոյեանութեան պատկերասփռելիք եկամուտներուն 25 տոկոսը այժմէն «ծախելով» յառաջիկայ 25 տարիներուն:
Հակառակ այս բոլորին, Պարսելոնայի պարտքերը 1,3 միլիառէն բարձրացան 2 միլիառ եւրոյի:
Ֆոնթի նախագահական արշաւը սկսաւ Լափորթան անպատասխանատու տնօրէն կոչելով, որ քանդած էր Պարսելոնայի ապագան, բայց Լափորթա շահեցաւ քուէարկողներուն վստահութիւնը` յայտնելով, որ ան ժամանակի պէտք ունի իր գործը ամբողջացնելու:
Լափորթա նուազեցուցած էր մարզիկներուն եկամուտները, ինչպէս նաեւ աւելի «յարմար» մարզիկներ ձեռք ձգելով: Պարտքերու աւելնալու պատճառներէն մեծագոյնն էր «Քամփ Նու»-ի նորոգութիւնը, վերջինս եղաւ Եւրոպայի մեծագոյն մարզադաշտը, որ եկամուտը պիտի աւելցնէ յաջորդող ամիսներուն, երբ ամբողջովին բացուին բոլոր բաժինները: