«Այս Տարուան Յունուար-Փետրուար Ամիսներուն Ազրպէյճանը Հայաստան Արտածած Է Աւելի Քան 4 Միլիոն Տոլարի Արտադրանք» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Պետական Մաքսային Կոմիտէն

Այս տարուան յունուար-փետրուար ամիսներուն Ազրպէյճանը Հայաստան արտածած է 4 միլիոն 220 հազար տոլարի արտադրանք: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն:

Ըստ հաշուետուութեան, ատիկա կազմած է Ազրպէյճանի ընդհանուր արտածման 0,12 առ հարիւրը:

Անցեալ ամիս Հայաստանէն Ազրպէյճան արտածում չէ եղած:

 

Leave a Comment