Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Վոլոտիմիր Զելենսքիին ուղղած կոչերը` դիմելու գործարքի, կը հաստատեն, որ ինքնին ուքրանական կողմն է հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթի հիմնական արգելքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Լրագրողները Փեսքովին հարցուցած են, թէ արդեօք Քրեմլինի մէջ տեսա՞ծ են «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթի հրապարակումները, թէ Ուքրանիոյ հարցով խաղաղ հոլովոյթը սառեցուած է, որովհետեւ Թրամփ կորսնցուցած է անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:
«Դատելով յայտարարութիւններէն, նախագահ Թրամփ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կորսնցուցած է: Աւելի՛ն, ան յամառօրէն նախագահ Զելենսքիին խորհուրդ կու տայ գործարքի դիմելու: Եւ այդ յայտարարութիւններէն կը հետեւցուի, որ ինքնին ուքրանական կողմն է բանակցային հոլովոյթի հիմնական արգելքը», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած էր, որ զարմացած է ուքրանական կարգաւորման համար գործարք կնքելու հարցին մէջ քիեւեան վարչակարգի դժկամութենէն:
Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծած է, որ Զելենսքիի հետ շատ աւելի դժուար է գործարք կնքել, քան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: