Եւրոպական Միութեան Նախարարական Հանդիպումները Յառաջիկայ Ամիսներուն Տեղի Պիտի Ունենան Կիպրոսի Մէջ

Հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով յառաջացած անորոշութեան, Եւրոպական Միութեան նախարարական հանդիպումները յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի մէջ:

Կիպրոս, որ ներկայիս ստանձնած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, այս ամսուան համար նախատեսուած ոչ պաշտօնական հանդիպումներ տեղափոխած էր առցանց ձեւաչափի, որոշ հանդիպումներ ալ յետաձգած էր` մարտի սկիզբին կղզիի մէջ գտնուող բրիտանական ռազմակայաններուն վրայ կատարուած յարձակման պատճառով:

«Ամէն ինչ լիովին վերադարձած է բնականոն հուն: Ապրիլէն մինչեւ յունիս Կիպրոսի մէջ նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները պիտի կատարուին ըստ նախատեսուած ծրագիրին», ըսած է Կիպրոսի ուժանիւթի նախարար Միխալիս Տամիանոս:

Կիպրոսի իշխանութիւններուն հաղորդումով` 2 մարտի գիշերը բրիտանական օդուժի Աքրոթիրի ռազմակայանին վրայ յարձակումը կատարուած է իրանեան «Շահիտ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքով:

Կ՛ենթադրուի, որ անիկա արձակուած է Լիբանանէն:

 

 

Leave a Comment