Փահլեւի Ներկայացուցած Է «Անցումային Իրան»-ի Հինգ Տնտեսական Նպատակները

Իրանի վերջին շահի որդի Ռեզա Փախլեւին ներկայացուցած է «անցումային Իրան»-ի հինգ տնտեսական նպատակները:

Փահլեւի տեսաուղերձի մէջ յայտարարած է, որ անցումային իշխանութիւնները պիտի ազատագրեն Իրանի տնտեսութիւնը զինուորական եւ կիսազինուորական խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ տնտեսական յանցագործներու վերահսկողութենէն:

«Բռնագրաւուած կամ գողցուած ազգային հարստութիւնը պիտի վերադարձուի եւ պիտի փոխանցուի Իրանի քաղաքացիներուն: Պետական ներուժը կը նախատեսուի վերաուղղել օտարերկրեայ զինեալ խմբաւորումներու ֆինանսաւորումէն դէպի երկրի ենթակառոյցներու, մասնաւորապէս` ջրամատակարարման, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի համակարգերու վերակառուցման:

«Անցումային համակարգը պիտի վերացնէ փտածութիւնը եւ մենաշնորհները` ազգային հարստութիւնը ուղղորդելով առողջապահութեան, կրթութեան զարգացման եւ աղքատութեան դէմ պայքարին:

Իրանի մեծագոյն հարստութիւնը ոչ թէ քարիւղն ու կազն է, այլ անոր ժողովուրդը: Կը խոստանամ ներդրումներ կատարել մարդկային դրամագլուխին մէջ, վերամիաւորել համաշխարհային տնտեսութեան հետ եւ վերականգնել երկրի տնտեսական կայունութիւնը, աճը եւ բարգաւաճումը»:

Փահլեւիի համաձայն, ասոնք դատարկ խոստումներ չեն, այլ պարտաւորութիւններ, որոնք ան մտադիր է իրականացնել Իրանի ժողովուրդին հետ միասին:

Leave a Comment