Թուրքիան Կը Դատապարտէ Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Ցամաքային Զինուորական Գործողութիւնը

Թուրքիան խստօրէն դատապարտած է Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային զինուորական գործողութիւնը` զգուշացնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ կրնայ «յաւելեալ մարդասիրական աղէտ մը» տեղի ունենալ:

«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւնը, որ աւելի կը խորացնէ տարածաշրջանի անկայունութիւնը», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Անգարան կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ իրականացուող «ցեղասպանական եւ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը», այս անգամ` Լիբանանի մէջ, «շրջանին մէջ պիտի յանգեցնէ մարդասիրական յաւելեալ աղէտի»:

 

 

Leave a Comment