Սիարթօ. «Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է 15 Ապրիլին Հրապարակել Ռուսական Քարիւղէն Հրաժարելու Ծրագիրը»

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պատրաստած են ռուսական քարիւղի ամբողջական արգելքի մասին որոշումը, որ կ՛ուզեն հրապարակել 15 ապրիլին` Հունգարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք օր ետք: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ:

Հունգարական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի գլխաւորած կառավարութիւնը յոյս ունի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրել եւ շարունակել պայքարը Պրիւքսելի այս ծրագիրին դէմ:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստած է ռուսական քարիւղի ամբողջական արգելքի մասին որոշումը եւ մտադիր է զայն հրապարակել 15 ապրիլին` Հունգարիոյ ընտրութիւններէն երեք օր ետք», ըսած է Սիարթօ` Հունգարիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Եթէ Հունգարիոյ արգիլեն աժան քարիւղ գնել, ապա երկրի ուժանիւթի մատակարարումը պիտի սղի: Հետեւաբար, մենք պատրաստ ենք պայքարելու: Եւ եթէ մենք 12 ապրիլին յաղթենք, ապա 15 ապրիլիէն պայքար պիտի մղենք Եւրոպական Միութեան դէմ, որպէսզի Հունգարիոյ չարգիլեն գնել աժան ռուսական քարիւղ», ըսած է Սիարթօ:

 

Leave a Comment