Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէի արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին մերժեց Ամերիկայի հետ լարուածութեան մեղմացման կամ խաղաղութեան առաջարկները»:
«Ան արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին ըսաւ, որ ժամանակը խաղաղութեան համար յարմար չէ, եւ պէտք է Ամերիկան ու Իսրայէլը պարտութեան մատնել, անոնք պէտք է մեզի փոխհատուցում վճարեն», նշեց պաշտօնատարը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց Հորմուզի Նեղուցին մէջ նաւերու ընկերակցութեան մեքանիզմին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, անմիջապէս որ հարուածները դադրին:
«Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւերու ընկերակցութեան մեքանիզմին վերաբերեալ որեւէ առաքելութիւն Իրանի հետ համակարգում կը պահանջէ», նշեց ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան պաշտօնակատար Մայա Քալլաս իր կարգին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է դիւանագիտական ուղիներ գտնել Հորմուզի նեղուցը բաց պահելու համար, այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դաշնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ` Իրանի դէմ պատերազմի լոյսին տակ անցքը ապահովելու համար այդտեղ մարտանաւեր ուղարկելու»:
Քալլաս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ոչ ոք պատրաստ է Հորմուզի նեղուցին մէջ իր ժողովուրդը վտանգի ենթարկելու: Պէտք է դիւանագիտական ուղիներ գտնենք նեղուցը բաց պահելու համար, որպէսզի սննդեղէնի, պարարտանիւթերու տագնապ կամ նաեւ ուժանիւթի տագնապ չդիմագրաւենք»:
Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պատերազմը երկար պիտի չտեւէ:
Միեւնոյն ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պատերազմը կրնա՞յ այս շաբաթ աւարտիլ, ան պատասխանած է. «ես այդպէս չեմ կարծեր»:
Ան նաեւ արեւմտեան որոշ դաշնակիցներ մեղադրած է անշնորհակալ ըլլալու մէջ, երբ ՕԹԱՆ-ի անդամ քանի մը երկիրներ մերժեցին իր պահանջը` մարտանաւեր ուղարկելու Հորմուզի նեղուց` ուղեկցելու համար քարիւղատար նաւերուն, որոնք Իրանի կողմէ յարձակումի կ՛ենթարկուին:
Ըստ Թրամփի, դաշնակից երկիրներուն մէկ մասը շատ ոգեւորուած է աջակցելու հարցով, մինչդեռ միւս մասը, որոնց Միացեալ Նահանգները տարիներով օգնած է, այդքան ալ չէ:
Թրամփ քննադատեց Իրանը` դրացի երկիրները հրթիռակոծելուն համար:
Նեթանիահու. «Լարիժանին Եւ Պասիժի Հրամանատարը Սպաննեցինք»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Այսօր Իրանի մէջ սպաննեցինք Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ Պասիժի հրամանատարը»:
«Գոյութիւն ունին Իրանին բազմաթիւ անակնկալներ, զորս պիտի չբացայայտնենք», նշեց ան:
«Իրանեան վարչակարգին կայունութիւնը կը քայքայենք եւ լիայոյս ենք Իրանի ժողովուրդին զայն տապալելու առիթ ընծայելու», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
«Աշխատանք կը տանինք իրանցի ժողովուրդին օգնելու վարչակարգին դէմ գործելու», նշեց ան:
«Վճռած ենք յաղթանակ արձանագրել, եւ Ամերիկայի կողքին միջազգային մեծ տէրութիւն ըլլալու պահուն հասնելու եզրին կը գտնուինք», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Ծոցի մէջ ամերիկացի մեր բարեկամներուն կ՛օգնենք ըլլայ այդ անուղղակի յարձակումներով կամ ուղղակի գործողութիւններու ճամբով», աւելցուց Նեթանիահու:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց, որ իրանեան քաղաքական եւ ապահովական վերնախաւի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու սպանութիւնը կրնայ իրանեան ղեկավարութեան մէջ ճեղքերը աւելցնել, սակայն միեւնոյն ժամանակ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ Լարիժանիի ահաբեկումը կրնայ ամրապնդել Յեղափոխական պահակագունդի դիրքը, որ նախապէս իրողապէս հզօրացաւ` նկատի ունենալով Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի հետ իր սերտ յարաբերութիւնը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի ոչնչացուեցաւ»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ բանակին ցուցմունք տուի Իրանի մէջ ահաբեկչութեան եւ բռնաճնշումի վարչակարգի ղեկավարներու հետապնդումը շարունակելու», նշեց Քաց:
Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ յարձակում մը գործելով երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ ճշգրիտ հարուածով մը սպաննած է Պասիժ կազմակերպութեան վերջին վեց տարիներու ղեկավար Ղոլամ Ռեզա Սոլէյմանին:
Լարիժանիի «Էքս»-ի վրայ հաշիւը հրապարակեց Ալի Լարիժանիի մէկ ձեռագիր նամակը, առանց ճշդելու անոր թուականը:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Թուրք եւ հնդիկ պաշտօնատարներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնեցին, որ Թեհրան հաւանութիւն տուած է, որ նաւեր Հորմուզի Նեղուցէն անցնին:
Սպիտակ տան Իրանի հարցով տնտեսական հարցերու խորհրդատուն յայտնեց. «Քարիւղատար նաւերը կը սկսին Հորմուզի նեղուցէն անցնիլ»:
«Չափազանց լաւատես ենք, որ այդ հարցը մօտ օրէն` շաբաթներու եւ ոչ թէ ամիսներու ընթացքին պիտի աւարտի», աւելցուց ան:
Հրաժարական
Միացեալ Նահանգներու մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէն Ճոզեֆ Քենթ յայտարարեց, որ իր պաշտօնէն կը հրաժարի` նշելով. «Չեմ կրնար Իրանի մէջ ընթացող պատերազմին աջակցիլ»:
«Չեմ կրնար աջակցիլ պատերազմին Իրանի մէջ, որ անմիջական վտանգ մը չէր ներկայացներ», ըսաւ ան:
«Յստակ է, որ պատերազմը սկսանք Իսրայէլի եւ անոր ազդեցիկ լոպիին ճնշումին տակ», աւելցուց Քենթ: