Հայ ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան դարձաւ 2026-ի մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեան` յունահռոմէական ըմբշամարտի մինչեւ 10 քկ կշիռի կարգին մէջ:
Սերպիոյ Զրենեանին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վերջին օրուան մրցումներուն, Աղաջանեան վստահ յաղթանակ տարաւ Վրաստանի ներկայացուցիչ Գէորգի Քոչոլիծէի դէմ: Մրցումը եղաւ շատ արագ, եւ հայ ըմբիշը 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ արդիւնքով յաղթեց:
Ոսկի մետալակիր Աղաջանեան գրաւեց նաեւ ըմբշամարտի ֆետերասիոնի ուշադրութիւնը` իր բոլոր մրցումներուն ալ յաղթելէ ետք ժամանակէն աւելի կանուխ եւ ջախջախիչ արդիւնքներով:
Ան ախոյեանութեան մինչեւ աւարտական մրցումը դուրս ձգած էր Լեհաստանի Դանիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ Սուրէն Աղաջանեան նախապէս դարձած էր արդէն 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան եւ Եւրոպայի ախոյեան: Ան այս ձեւով ամբողջացուց իր մետալներու հաւաքածոն:
Հայաստան այսպիսով յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան իր 2-րդ ոսկի մետալը նուաճեց` Արամայիս Յարութիւնեանի (130 քկ) ոսկի մետալէն ետք:
Արծաթ մետալ շահած էր Սամուէլ Տէրտէրեան (77 քկ), իսկ Մանուէլ Խաչատրեան (55 քկ) շահած էր պրոնզէ մետալ:
Խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան 113 կէտով գրաւեց 2-րդ դիրքը Ռուսիոյ (190 կէտ) ետին, մինչ Վրաստան (106 կէտ) գրաւեց 3-րդ դիրքը: