Թրամփ. «Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Չեմ Պատրաստուիր»

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր թիրախային հարուած հասցնելով` ոչնչացուցած է Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ գտնուող այն օդանաւը, որ կ՛օգտագործուէր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ:

«Օդանաւը կ՛օգտագործուէր իրանեան ահաբեկչական վարչակազմի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ իրանցի զինուորականներու կողմէ` զինուորական գնումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ ներքին ու միջազգային թռիչքներու միջոցով դիմադրութեան դաշնակից երկիրներու հետ համակարգումը ապահովելու նպատակով», գրուած է թելեկրամեան հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործել` Իրանի ամբողջ տարածքին մէջ ոչնչացնելու որեւէ միջոց, որ կ՛օգտագործուի իրանեան վարչակարգի զինուորական ուժերուն կողմէ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մեծագոյն նաւահանգիստ Ֆուժէյրան իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Յարձակումին պատճառով նաւահանգիստին մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ, եւ անոր մէջ քարիւղի բեռնաւորման աշխատանքները առկախուեցան:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով Սպիտակ տան ներկայացուցիչներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ հակամարտութեան հարցով պարբերաբար կը հաղորդակցի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի եւ արաբական այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ:

Օրաթերթի զրուցակիցներուն համաձայն, գահաժառանգը կը թուի, թէ Թրամփին խորհուրդ կու տայ շարունակելու Իրանին հարուածներ հասցնել:

Թրամփ, ըստ օրաթերթին, նաեւ մնայուն կապի մէջ է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը յիշեցնէ, որ հակամարտութեան սկիզբը Թրամփ յայտարարած էր, թէ իր նախատեսութեամբ զինուորական գործողութիւնները կրնան տեւել չորսէն վեց շաբաթ: Սպիտակ տան ներկայացուցիչները օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը տակաւին չի շեղիր ժամանակացոյցէն:

Սէուտական աղբիւր մը «Հատաս»-ին հերքեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հաղորդած լուրը, թէ թագաւորութեան ղեկավարութիւնը պատերազմի երկարաձգումը կը քաջալերէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «ՕԹԱՆ-ի դաշինքը չափազանց վատ ապագայ կը դիմագրաւէ, եթէ Հորմուզի նեղուցի բացման չօգնէ»:

«Բնական է, որ Հորմուզի նեղուցէն օգտուողները օգնեն, որ անոր մէջ որեւէ աղէտ չպատահիլը երաշխաւորեն», ըսաւ ան:

«Ուքրանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ին օգնելու պէտք չունէինք, սակայն օգնեցինք: Հիմա տեսնենք, թէ իրենք մեզի պիտի օգնե՞ն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Կը սպասեմ, որ Չինաստան օգնէ Հորմուզի նեղուցը բանալու, որովհետեւ իր քարիւղին 90 առ հարիւրը այդ նեղուցէն կը ստանայ», յայտնեց Թրամփ` նշելով, որ կրնայ այս ամսուան վերջաւորութեան Չինաստան իր այցելութիւնը յետաձգել, եթէ Չինաստան նեղուցի բացման չօգնէ:

«Իրանը գրեթէ ամբողջական կերպով քանդեցինք: Անիկա ամէն բան կորսնցուց, եւ այն, ինչ որ կրնայ ընել, ծովուն մէջ ականներ լարելով խնդիրներ ստեղծելն է», ըսաւ ան:

«Խարք կղզիին մէջ քարիւղի խողովակաշարերը կրնանք 5 վայրկեանի մէջ քանդել, եւ իրանցիները այդ առնչութեամբ ոչինչ կրնան ընել», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Իրան իր չափազանց վարպետութեամբ գիտցաւ լրատուական ու հանրային կապերու խաղը խաղալ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրան ոչ ազդու եւ տկար զինուորական ուժ է, սակայն բացառիկ կերպով գիտէ տեղեկութիւններ մատակարարել լրատուամիջոցներուն, որոնք իր սուտ լուրերը կը տարածեն: Իրան վարպետ կերպով արհեստական բանականութիւնը կ՛օգտագործէ ապակողնորոշող լուրերու տարածման համար իբրեւ յաւելեալ զէնք»:

«Իրանցիները ցուցադրեցին տեսերիզներ երեւակայածին անձնասպանական նաւերու մասին, որոնք ծովուն բացը կրակ կը բանան, երբ այդ նաւերը գոյութիւն չունին», աւելցուց Թրամփ:

«Իրան մաշումի եւ քանդումի կ՛ենթարկուի, եւ ճակատամարտները, որոնց մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրէ, արհեստական բանականութեան ճամբով կը ստեղծէ», ըսաւ ան:

«Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրի հրկիզումը ցոյց տուող լուսանկարը ամբողջովին կեղծ է, անիկա բնաւ չթիրախաւորուեցաւ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Այլ պետութիւններու հետ կը խօսինք Հորմուզի նեղուցի հսկողութեան մասին եւ անոր պաշտպանութեան համար օգնութիւն կը խնդրենք», ըսաւ Թրամփ` նշելով. «Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներու հետ կը գործէ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան ապահովման համար»:

«Իրանցիներուն վնասներ հասցուցինք, եւ անոնք 10 տարուան կը կարօտին քանդուածին վերաշինութեան համար, նոյնիսկ եթէ հիմա կանգ առնենք, սակայն պատերազմին վերջ տալու չեմ պատրաստուիր», յայտարարեց Թրամփ:

«Իրանի մէջ աղջկանց վարժարանի մը վրայ կատարուած յարձակումին շուրջ հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի», օրաթերթին ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Քարիւղի գիներու վերաբերեալ մտավախութիւններուն պիտի չարտօնեմ, որ մեզի արգիլէ Իրանի հիւլէական զէնք ունենալուն արգելք հանդիսանալ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Լսեցի, որ իրանցիները մեծապէս կ՛ուզեն բանակցիլ, սակայն չեմ կարծեր, որ անոնք ատոր պատրաստ են: ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն օգնելու միշտ պատրաստ էին, եւ կարեւոր է անոր որեւէ անդամի մեր օգնութեան փութալը տեսնել», յայտնեց Թրամփ:

«Իրանեան զինուորական կարողութիւնները մեծապէս նահանջեցին, եւ պահը յարմար է, որ այլ երկիրներ մասնակցին Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան ապահովման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրանի ղեկավարման կարգ մը թեկնածուներ մահացան, եւ ունինք այլ անուններ, զորս կը կարծենք, թէ յարմար են. տեսնենք ի՛նչ պիտի պատահի», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ յարաբերութիւնս չափազանց արտակարգ է, եւ շատ լաւ ձեւով զիրար կը հասկնանք», յայտնեց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ Իրանի մէջ զինուորական գործողութիւնը շատ լաւ կ՛ընթանայ:

«Հորմուզի նեղուցը պէտք է երկար ժամանակ բաց պահել, եւ այդ նպատակին համար պիտի օգնենք շրջանի պետութիւններուն», ըսաւ ան:

«Մենք Հորմուզի նեղուցէն ոչինչ կը ստանանք, ուստի այն պետութիւնները, որոնք քարիւղ կը ստանան, իրենք պէտք է կռիւին ու պաշտպանութեան մասնակցին», նշեց Թրամփ:

Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս շաբթուան ընթացքին Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համար դաշինքի մը ստեղծումը կրնայ յայտարարել:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են. «Թրամփ Խարք կղզիին վրայ քարիւղի կարեւոր պահեստանոցը գրաւելու հարցը կը սերտէ»` աւելցնելով. «Խարքի մէջ քարիւղի պահեստանոցը գրաւելը գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու գոյութիւնը կը պահանջէ»:

Աղբիւր մը ամերիկեան կայքին ըսած է. «Այնքան ատեն որ պաշարումը եւ Ծոցի մէջ քարիւղի արտադրութեան սահմանափակումը կը շարունակուի, Թրամփ պիտի չկարենայ պատերազմին վերջ տալ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ուզէ կատարել»:

«Թրամփ եւ վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները աշխատանք կը տանին Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համար բազմազգեան դաշինք մը կազմելու», յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Թրամփ հետաքրքրուած է Խարք կղզին գրաւելու գաղափարով, որովհետեւ անիկա իրանեան վարչակարգին հասցուած տնտեսական հարուած մը պիտի ըլլայ»:

Իրաքի քարիւղի նախարար Հայան Ապտելղանի յայտարարեց, որ Իրաք աշխատանք կը տանի ստեղծելու խողովակաշար մը, որ կ՛արտօնէ քարիւղը ուղղակիօրէն մղել թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ` առանց Քրտական ինքնավար մարզէն անցնելու:

Ան նշեց, որ Իրաքը շաբթուան ընթացքին պիտի աւարտէ 100 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի շինարարութեան մէկ մասը` առ ի պատրաստութիւն Քերքուքէն քարիւղի ուղղակի արտածման:

Ան նաեւ նշեց, որ ջանք կը թափուի քարիւղը Պանիասի եւ Աքապայի ճամբով արտածելու:

Չինաստան Կոչ Կ՛ուղղէ` Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Փեքին այցելութեան հարցով կապի մէջ է ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ:

Անդրադառնալով Հորմուզի նեղուցի հարցով Թրամփի օգնութեան խնդրանքին` նախարարութիւնը նշեց. «Մենք ներկայ կացութեան հարցով կապի մէջ ենք բոլոր կողմերուն հետ, կոչ կ՛ուղղենք կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ մագլցումը թուլացնելու»:

«Յանձնառու ենք Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ կացութեան լոյսին տակ մագլցումի մեղմացման», յայտնեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Թրամփի Փեքին այցելութիւնը նախատեսուած է 31 մարտէն 2 ապրիլ, եւ անիկա 2017 թուականէն ի վեր ամերիկացի նախագահի մը կողմէ Չինաստան առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ: Բայց եւ այնպէս Փեքին տակաւին ճշգրիտ թուականը չհաստատեց:

Կարգ մը վերլուծաբաններ կասկած կը յայտնեն, որ այդ այցելութիւնը ճշդուած ժամանակին տեղի ունենայ, մանաւանդ որ Իրանի դէմ պատերազմի շարունակման պայմաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ:

Ճափոնի Վարչապետ. «Ներկայիս Մեր Ծովուժը Միջին Արեւելք Ուղարկել Չենք Ծրագրեր»

Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի յայտարարեց. «Ներկայիս մեր ծովուժը նաւերու ընկերակցելու համար Միջին Արեւելք ուղարկել չենք ծրագրեր»:

Թրամփ դաշնակից երկիրներու` Ֆրանսային, Ճափոնին, Հարաւային Քորէային, Բրիտանիոյ, Չինաստանին եւ այլ երկիրներու կոչ ուղղած էր մարտանաւեր ուղարկել Հորմուզի նեղուցէն քարիւղի արտածումները պաշտպանելու համար:

Ճափոնի վարչապետը ըսաւ, որ ծովային ապահովական որեւէ գործողութիւն «իրաւական առումով չափազանց դժուար պիտի ըլլայ»:

Ճափոնի պաշտպանութեան նախարար Շինճիրօ Քոյիզումի իր կարգին ճափոնական խորհրդարանին յայտնեց. «Իրանի մէջ ներկայ կացութեան լոյսին տակ մտադիր չենք ծովային ապահովական գործողութիւն մը շղթայազերծել»:

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար. «Հորմուզի Նեղուցին Մէջ ՕԹԱՆի Դեր Չեմ Տեսներ»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ Պրիւքսելի մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը Հորմուզի նեղուցի շրջափակման հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի դեր չի տեսներ:

«Ես չեմ տեսներ, որ ՕԹԱՆ այս ուղղութեամբ որեւէ որոշում տուած է կամ կրնայ Հորմուզի նեղուցին համար պատասխանատուութիւն ստանձնել: Եթէ նման բան ըլլար, ապա ՕԹԱՆ-ի մարմինները համապատասխան ձեւով պիտի քննարկէին այդ հարցը», ըսաւ Վատեֆուլ` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց խորհուրդի նիստէն առաջ:

Նետերլանտներ. «Հորմուզի Նեղուց Նաւեր Ուղարկելը Խնդիրը Պիտի Չլուծէ»

Քանի մը նաւ ուղարկելը ինքնին պիտի չշտկէ Հորմուզի նեղուցին մէջ տիրող իրավիճակը եւ պիտի չլուծէ Միջին Արեւելքի շրջանի անվտանգութեան խնդիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսեն:

«Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ տագնապով կը հետեւին Հորմուզի նեղուցին եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ուստի ինծի տրամաբանական կը թուի դիտարկել միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ես չեմ տեսներ, որ քանի մը նաւ ուղարկելը պիտի լուծէ խնդիրը», ըսած է Պերենտսեն:

Բրիտանիոյ Վարչապետ. «Իրանի Հետ Պատերազմի Ընդլայնման Մէջ Պիտի Չներքաշուինք»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմի ընդլայնման մէջ պիտի չներքաշուինք»:

«Երբ կռիւը դադրի, Իրանի հետ բանակցութեան ճամբով համաձայնութեան մը կարիք պիտի ունենանք», ըսաւ ան:

Սթարմըր ըսաւ, որ իր երկիրը դաշնակիցներու հետ աշխատանք կը տանի շրջանին մէջ նաւարկութեան ազատութեան վերականգնման համար` նշելով, որ Հորմուզի նեղուցի բացումը դիւրին բան չէ:

Քաթար. «Հորմուզի Նեղուցը Բաց Պահելու Համար Հաղորդակցութիւնները Կը Շարունակուին»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց, որ Քաթարի որդեգրած բոլոր քայլերուն նպատակը Քաթարի քաղաքացիներուն եւ բնակիչներուն պաշտպանութիւնն է:

Ան ըսաւ, որ Ծոցի երկիրներուն հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին Ծոցի շրջանի անվտանգութեան միացեալ համակարգի գոյացման համար, ինչպէս նաեւ իրանեան սպառնալիքներու եւ յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ մագլցումի նուազեցումը երաշխաւորելու համար:

Անսարի նշեց, որ Իրան առանց որեւէ պատճառի յարձակում կը գործէ Ծոցի երկիրներուն վրայ, եւ կը փորձէ զանոնք ներքաշել ներկայիս ընթացող հակամարտութեան մէջ: Ան ընդգծեց, որ Ծոցի երկիրները այս հակամարտութեան մաս չեն կազմեր:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցը Ծոցի երկիրները ապրանքներ եւ արտադրութիւններ հասցնելու եւ արտադրութիւններու, ներառեալ շրջանէն նաւթամթերքը արտածման համար բաց պահելու համար տարբեր կողմերու հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին»:

Մաքրոն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Միջին Արեւելքի Երկիրներուն Դէմ  Հարուածները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ: Զրոյցի ընթացքին Մաքրոն Իրանին կոչ ուղղած է` դադրեցնելու Միջին Արեւելքի երկիրներուն ուղղղութեամբ հարուածները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

«Ես տակաւին նոր խօսեցայ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ: Ես անոր կոչ ուղղեցի` անյապաղ վերջ դնելու անընդունելի յարձակումներուն, զորս Իրան կը գործէ շրջանի երկիրներու դէմ` թէ՛ ուղղակիօրէն, թէ՛ ալ միջնորդներու միջոցով, ներառեալ Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ», «Էքս»-ի վրայ գրած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կոչ ուղղած է` կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնելու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը:

Արաղչի. «Իրան Պիտի Պայքարի Այնքան Ատեն Որ Թրամփ Տակաւին Չէ Հասկցած, Թէ Պատերազմ Սկսիլը Սխալ Էր»

Իրան պիտի պայքարի այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ գիտակցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ յարձակումի սխալ ըլլալը: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

«Մեր հզօր զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն պայքարիլ այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չէ հասկցած, թէ անօրինական պատերազմը, որ ան պարտադրած է թէ՛ ամերիկացիներուն, թէ՛ իրանցիներուն, սխալ է եւ երբեք պէտք չէ կրկնուի: Զոհերը նոյնպէս պէտք է փոխհատուցում ստանան», գրեց ան:

Արաղչի նախքան այդ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Թեհրան Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ կատարելու որեւէ հիմնաւոր պատճառ չի տեսներ եւ անոնց կատարման խնդրանքով չէ դիմած:

Պաղայի. «Ապահովութեան Խորհուրդը Ամերիկեան Քաղաքականութիւններու Գործադրութեան Գործիքի Վերածուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ Թեհրան սկիզբէն շրջանի երկիրներուն կոչ ուղղեց, որ իրենց հողերը Իրանի վրայ յարձակումներու համար չօգտագործուին:

Ան շեշտեց, որ Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ թշնամանք չկայ, եւ երկու կողմերը յաւիտեանս դրացիներ պիտի մնան:

Պաղայի աւելցուց, որ թշնամիները կը փորձեն Իրանն ու շրջանի պետութիւնները իրար ձգել:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ամերիկեան քաղաքականութիւններու գործադրութեան գործիքի վերածուած է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատար Ալիռեզա Թանկսիրի յայտնեց, որ Իրանի մեծագոյն քարիւղային ծայրամասի գտնուելու վայր Խարք կղզիի վրայ Միացեալ Նահանգներու հաւանական յարձակումը զգալիօրէն պիտի ազդէ քարիւղի գինին վրայ:

«Եթէ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ խելացի վերահսկողութիւնը ձեզի բերաւ քարիւղի գիներու նոր ցուցանիշեր, ապա Խարք կղզիին վրայ յարձակումը ձեզի պիտի տայ աշխարհի վրայ ուժանիւթի բաշխման եւ գիներու աւելի ծանր ու նոր հաւասարում», «Էքս»-ի վրայ գրեց Թանկսիրի:

Լաւրով. «Իրանը Մէկ Օրուան Մէջ Նուաճելու Ծրագիրը Ձախողած Է»

Իրանը մէկ օրուան մէջ նուաճելու ծրագիրը ձախողած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Քենիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Եթէ անոնք կ՛ակնկալէին, որ մէկ օրուան մէջ քանի մը ժամուան մէջ պիտի հասնին այս պետութիւնը լիովին իրենց հնազանդեցնելու խնդիրի իրագործման համար, ապա, հաւանաբար, անոնք այժմ արդէն կը հասկնան, թէ որքան կը սխալէին, որքան մոլորած էին», ըսած է Լաւրով:

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարար. «Չեմ Գիտեր, Թէ Պատերազմը Քանի՛ Շաբաթ Պիտի Տեւէ»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթ անդրադառնալով Իրանի պատերազմին նշեց. «Չեմ գիտեր, թէ հարցը քանի՛ շաբաթ պիտի տեւէ»:

 

Leave a Comment