Քրեմլին Ֆրանսացի Պատուիրակի Մը Մոսկուա Այցելութիւնը Կը Բացայայտէ

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ մը այցելած է Ռուսիա` «Ուքրանիոյ շուրջ երկխօսութեան» ծիրին մէջ: Փեսքով այս մասին յայտնեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին:

«Ան իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնեց. «Եւրոպացիները չեն ուզեր խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցիլ: Երբ ֆրանսացի պատուիրակը հասաւ, իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ, այդ պատճառով ալ ինք եւս որեւէ դրական բան չլսեց»:

«Եւրոպացիները իրենց առաւելագոյն ջանքը կը թափեն Ուքրանիան համոզելու զինուորական գործողութիւնը շարունակելու», նշեց Փեսքով:

«Բանակցութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցան, որովհետեւ ամերիկացիները այլ առաջնահերթութիւններ ունին, եւ ատիկա հասկնալի է», յայտնեց Քրեմլինի բանբերը:

Ան վերահաստատեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հակամարտութեան խաղաղ լուծման նկատմամբ դրական տրամադրուած է:

 

Leave a Comment