Ֆիտան. «Նեթանիահուի Կառավարութեան` Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Դէմ Պայքարի Պատրուակով Կատարած Ցեղային Մաքրագործման Փորձով Մտահոգ Ենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Պատերազմը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ դադրի, եւ անհրաժեշտ է, որ կողմերը բանակցութեան սեղան վերադառնան»:

«Հիմա պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն դիւանագիտութեան համար: Իրանցիները իրենք զիրենք դաւաճանուած կը զգան», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ երկիրը, բայց եւ այնպէս, դրական տրամադրուած է «ոչ պաշտօնական ուղիներով» որեւէ խելամիտ դիւանագիտութեան համար:

«Մտահոգ ենք, որ այս զարգացումները պիտի յանգեցնեն շրջանին մէջ տեւական թշնամանքի, որ կարելի չէ դարմանել», նշեց ան:

Ֆիտան ըսաւ, որ կը փորձէ Թեհրանը համոզել դադրեցնելու յարձակումները Արաբական ծոցի երկիրներու վրայ, որոնց տարածքին մէջ տեղակայուած են ամերիկեան ռազմակայանները:

«Մենք Իրանի մէջ առնչակիցներու հետ ուղղակի կապի մէջ ենք հրթիռներուն շուրջ, որոնք երէկ մեր օդային տարածքը թիրախաւորեցին», յայտնեց Ֆիտան:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան` Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ պայքարի պատրուակով կատարած ցեղային մաքրագործումով մտահոգ ենք»:

Ֆիտան նաեւ Իսրայէլը մեղադրեց, որ միշտ «թշնամիներ պիտի գտնէ», քանի դեռ իշխանութեան ղեկին է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն:

Leave a Comment