Մեծ հարցական է Միջին Արեւելքի պատերազմի տեւողութիւնը կամ աւարտը: Վերջին օրերուն պատերազմը աւելի տարածականութիւն կը գրաւէ եւ աւելի կը սաստկանայ երկկողմանիօրէն: Համընթաց վիճակ է նաեւ Լիբանանի պարագան, ուր Իսրայէլ սաստկացուցած է իր հրթիռակոծումները:
Տեւողութեան առումով կան հակասական, հետեւաբար ելքի մասին յաւելեալ անորոշութիւն սփռող դիրքորոշումներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը խօսէր պատերազմի աւարտին մօտալուտ ըլլալուն մասին, միաժամանակ հաստատելով, որ յաջողած են չէզոքացնել Իրանի ռազմական կարողականութեան հիմնական բաժինը: Այս երկրորդ հաստատումը աւելի պատերազմի կասեցման արժանապատիւ ելքի մասին կը յուշէ, քան իրականութեան: Հակասութիւնը սակայն այն է, որ պաշտպանութեան նախարարը ռազմական գործողութիւններու հաւանական դադրեցումին մասին չի խօսիր եւ որեւէ ժամկէտի մասին ակնարկութիւն չ՛ըներ. ընդհակառակն` առաջադրանքներու մասին անորոշ ժամանակով կատարումի անհրաժեշտութիւն կը շեշտէ: Կ՛աւելցնէ, թէ նախագահն է, որ կ՛որոշէ գործողութիւններու աւարտի թուականները:
«Մօտալուտ»-ի տեսութիւնը որոշ վերլուծումներու կ՛առաջնորդէ: Ուաշինկթընի հաշուարկի տարակուսելիութիւնը առկայ է այս բոլորին մէջ: Իրադարձութիւններու յետագիծը եթէ նկատի ունենանք, անմիջապէս կը մտաբերենք նախքան այս մեծ բռնկումը Իրանի արտասահմանեան յենակէտերու չէզոքացումին գործողութիւններու շարքը` Լիբանանէն Սուրիա, Կազայէն Եմէն: Ապա, ներիրանեան իրադարձութիւնները եւ անկայունութեան համոզում փոխանցող համապատկերը, զանգուածային ցոյցերով:
Ուրեմն. արտաքին-ներքին մարտահրաւէրները կուտակելէ ետք, Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար ծրագրած էին «Վենեզուելլա 2» գործողութիւն մը: Իրանի հոգեւոր առաջնորդին առաջին օրերուն չէզոքացումը համանման իրավիճակ չստեղծեց Վենեզուելլայի Մատուրոյի առեւանգումին հետեւողութեամբ: Կար յստակ ամերիկեան ակնկալութիւն, որ Իրանի ժողովուրդը կ՛ապստամբի եւ իշխանափոխութիւն կ՛իրականացնէ: Այդպէս չեղաւ: Այս բեմագրութեան ձախողութեան բազմաթիւ հանգամանքներ կրնան կապուած ըլլալ` տակաւին սերտելի:
Այս ուղղութեամբ կարելի է աւելի խորքային վերլուծումի փորձ կատարել` նկատի ունենալով Ուաշինկթընի բազմաթիւ կոչերն ու յայտարարութիւնները Իրանի մէջ քիւրտերը զինելու եւ իշխանութիւններուն դէմ ոտքի հանելու առումով: Ցեղային-ծագումնային գործօնները այստեղ իրենցմէ ակնկալուած գործառոյթները չկատարեցին: «Վենեզուելլա 2» ծրագիրը չառարկայացաւ: Գէթ, մինչ այժմ: Թեհրանը կը շարունակէ դիմադրել եւ հարուածել տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու նոյնիսկ ամերիկեան զինուորական օդանաւերը: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է ընկալել պաշտօնական Թեհրանի այս յայտարարութիւնը, որ Իրան ի՛նք կ՛որոշէ պատերազմի աւարտի ժամկէտը, ընդգծելով հիմնական երեք պահանջ` երաշխիքներ նոր յարձակողապաշտութիւնը արգելակելու, վնասուց հատուցում կատարելու եւ միջուկային ոլորտի մէջ իրանեան ծրագիրները իրականացնելու լիակատար ազատութիւն ունենալու:
Այս բոլորէն ետք ինչո՛ւ «մօտալուտ»-ի մասին կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը: Հաւանաբար ելք մը` կասեցնելու համար աստղաբաշխական գումարներու հասնող պատերազմական ծախսերը: Ի վերջոյ ամերիկեան գործող վարչակարգի արտաքին քաղաքականութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը տնտեսական է եւ պետական պիւտճէի վերականգնման առաջադրանքը:
Այս բոլորով ալ հաւանաբար կը բացատրուին «պատերազմը յաղթեցինք» յայտարարելը, բանակցային սեղան վերադառնալու իբրեւ նախապատրաստութիւն: Հիմա սակայն օրակարգերը փոխուած պիտի ըլլան: Իրան պիտի ուզէ պատժամիջոցներու ամբողջական վերացում եւ հիւլէական գործունէութեան նոր կանոններու ճշդում, իսկ Ուաշինկթընը Իրանի կողմէ վերահսկուող տնտեսական ուղիներու եւ ուժանիւթի համակարգի որոշակի վերահսկողութիւն` գերշահոյթներու ապահովման նպատակով: Պատերազմի ծախսերը վերականգնելու մտադրութեամբ նախ եւ առաջ:
Ասկէ առաջին դժգոհողը պիտի ըլայ Իսրայէլը: Չի բացառուիր, որ «մօտալուտ»-ի տեսութեան դէմ յանդիման, Թել Աւիւ մինչեւ վերի կարգերուն վրայ գոյանալիք զինադուլի համաձայնութիւնը, առաւելագոյն ճիգերը գործադրէ հարաւի մէջ իր առաջադրած վաղեմի ծրագիրը իրականացնելու համար: Խօսքը անվտանգութեան գօտիին մասին է:
«Ա.»