Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յաջողութեամբ զինուորագրելէ ետք, կը փորձեն չէզոքացնել հայկական սփիւռքը, ինչ որ իրենց կողմէ Հայաստանը նուաճելու վերջին քայլն է: Ե՛ւ Ալիեւը, ե՛ւ Էրտողանը մեծապէս գոհ են Հայաստանի մէջ գործող հնազանդ վարչակարգէն եւ չեն ուզեր, որ սփիւռքը խոչընդոտէ իրենց հակահայկական ծրագիրները:
2 մարտ 2026-ին հանրային կապերու Լոնտոն հաստատուած «Ափոլլօ սթրաթիճիք քոմիւնիքէյշընզ» (Էյ. Էս. Սի.) ընկերութիւնը յարձակում գործեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վրայ` գաղտնի յուշագիր մը ուղարկելով ամերիկեան լրատուամիջոցներուն` «Հայկական սփիւռքը Ռուսիոյ շահերը կը հնչեցնէ Քափիթոլ Հիլի մէջ» վերնագիրով: Էյ. Էս. Սի.-ն կապեր ունի Ազրպէյճանի եւ անոր Կասպից ծովու նաւթային գործընկերներուն հետ: Ընկերութիւնը արձանագրուած է Մեծն Բրիտանիոյ ընկերութիւններու պալատի գրանցամատեանին մէջ` որպէս «Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան գործունէութեամբ զբաղող ընկերութիւն»: Վերջին տարիներուն անիկա քանի մը անգամ անուանափոխուած է` «Apollo Public Relations Limited» (13 օգոստոս 2009 – 29 օգոստոս 2014) եւ «Red Public Relations Limited» (14 ապրիլ 2008 – 13 օգոստոս 2009):
Էյ. Էս. Սի.-ն իր յուշագիրին մէջ կը տարածէ սուտեր ու ապատեղեկատուութիւն` պնդելով, որ` «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ջանքերը (Հայաստանի մէջ – Խմբ.)… կը բախին ազդեցիկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի` Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական մեծագոյն կազմակերպութեան, դիմադրութեան եւ ընդդիմութեան, որ, ըստ Քափիթոլ Հիլի որոշ շրջանակներու, կը փորձէ վտանգել Քոնկրեսի մէջ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը մեղադրեն մոսկուայամէտ ուժերու հետ համագործակցութեան մէջ` միաժամանակ հանդէս գալով Հայաստանի ազգային շահերուն դէմ` աջակցելով ռուսական դիրքորոշումներուն եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով ամերիկեան հաստատութիւններուն մէջ»: Յուշագիրը կը դատապարտէ` «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի բարձրաստիճան պաշտօնեաները` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ջերմ պաշտպանութեան համար»: Հայ դատի յանձնախումբն ու սփիւռքը դէմ են կեղծ խաղաղութեան, այլ ոչ թէ` իրականին, եւ դէմ չեն Հայաստանի ազգային շահերուն: Ընդհակառակը, անոնք կ՛ուզեն պաշտպանել Հայաստանը Փաշինեանի անվերջ զիջումներէն, որոնք կրնան յանգեցնել հայրենիքի կործանման:
Կ՛ուզեմ ընդգծել «Էյ. Էս. Սի.»-ի յուշագիրին քանի մը խնդրայարոյց կողմերը.
1.- Ընտրութիւններու ժամկէտը. Յուշագիրին մէջ ուղղակիօրէն յղում կը կատարուի «Հայաստանի կարեւորագոյն համընդհանուր ընտրութիւններուն»` ակնարկելով, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կ՛ընեն ամէն ինչ` ապահովելու համար Փաշինեանի իշխանութեան պահպանումը 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:
2.- Հանրային կապերու միջոցի անսովոր ընտրութիւն. Ազրպէյճանը միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ Ուաշինկթընի հանրային կապերու եւ լոպիական ընկերութիւններուն: Այնուամենայնիւ, տարօրինակ է, որ այս յարձակողական յօդուածը ամերիկեան լրատուամիջոցներուն մէջ կը տարածուի լոնտոնեան ընկերութեան մը կողմէ, եւ ոչ` Ուաշինկթընի մէջ գործող ընկերութիւններուն, որոնց Ազրպէյճան ամէն տարի մեծ գումարներ կը վճարէ լոպիական աշխատանքի եւ հանրային կապերու համար: Ասիկա դրամի վատնում է եւ ապտակ` Ազրպէյճանի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ վարձուած ընկերութիւններուն:
3.- Լրագրողներուն առաջարկուած աղբիւրները. «Էյ. Էս. Սի.»-ն առաջարկած է չորս անձերու անուններ, որոնք «պատրաստակամ են ուրախութեամբ տրամադրելու յաւելեալ նիւթեր եւ տեղեկութիւններ»:
– Անանուն «աւագ աշխատակից մը Միացեալ Նահանգներու` Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովին մէջ (Քոնկրեսի յանձնաժողով)»: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է պարզէ` արդեօք այս անձը Քոնկրեսի մէջ աշխատելով վճարումներ կը ստանա՞յ Ազրպէյճանի հետ կապ ունեցող օտար ընկերութենէ մը: Եթէ` այո՛, ապա զայն պէտք է աշխատանքէ արձակել:
– «Մարիա Կարապետեան. Հայաստանի իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւոր եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ»: Ան պէտք է հարցաքննուի` արդեօք ան համագործակցա՞ծ է օտար լոպիի ընկերութիւններու հետ` հայկական կազմակերպութեան դէմ, ասոր համար ալ հաւանաբար փոխհատուցում ստանալով:
– «Նժդեհ Յովսէփեան. Յարգուած մտաւորական եւ պատմաբան, որ կրնար խօսիլ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանի մէջ ռուսամէտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջեւ եղբայրութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ առկայ կապերուն մասին»: Բայց ան «Լինքտին»-ի իր էջին մէջ թուարկած է իր վարած տարբեր պաշտօնները Փաշինեանի կառավարութեան մէջ :
– «Կարօ Փայլան. «Քառնըկի» միջազգային խաղաղութեան հիմնադրամի Եւրոպական ծրագիրի հրաւիրուած հետազօտող, որ պատրաստ է` առանց անունը նշելու, խօսիլ հայկական քաղաքականութեան, ռուսական միջամտութեան գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կապերուն մասին` մոսկուայամէտ դերակատարներու հետ»: Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Փայլանը հակազդեց «Էյ.Էս.Սի.»-ին, երբ «Էքս»-ի իր հարթակին վրայ գրեց. «Ուշադրութիւնս գրաւեց այն հանգամանքը, որ իմ անունովս լրագրողներուն ուղարկուած են Հայաստանի վերաբերող հաղորդագրութիւններ, զորս ես չեմ արտօնած: Ես հանդէս կու գամ հրապարակաւ եւ կապ կը հաստատեմ լրագրողներուն հետ, իսկ իմ կարծիքներս յայտնի եւ ճանչցուած են»:
4.- ՖԱՐԱ-ի հնարաւոր խախտում. «Էյ.Էս.Սի.»-ի յուշագիրը ուղարկուած է ոչ թէ ամերիկեան, այլ բրիտանական հանրային կապերու ընկերութեան մը կողմէ` թերեւս փորձելով շրջանցել Միացեալ Նահանգներու «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման օրէնք»-ը (FARA), որ կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ օտարներու անունով գործող ընկերութիւնները արձանագրուին արդարադատութեան նախարարութեան մէջ: Ասիկա կրնայ նկատուիլ ամերիկեան օրէնքի խախտում:
5.- Արձագանգի բացակայութիւն. Նախորդ շաբաթ ես ելեկտրոնային քանի մը նամակներ ուղարկեցի «Էյ.Էս.Սի.»-ին` խնդրելով ընկերութեան` յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, ինչպէս խոստացուած էր յուշագիրին մէջ, սակայն «Էյ.Էս.Սի.»-ն չպատասխանեց: Նման ոչ արհեստավարժ վարքագիծ կրնայ պատճառ դառնալ հանրային կապերու ընկերութեան` ինքնիր դէմ ժխտական հանրային կապերու:
6.- Առեւտրական կապեր Ազրպէյճանի հետ. «Ափոլլօ»-ի մայր ընկերութիւնը` RSK Group-ը, ունի ամբողջութեամբ իրեն պատկանող ընկերութիւն`«Azerbaijan Environment and Technology Centre Ltd» (AETC), որ կը գործէ երկրին մէջ եւ կ՛իրականացնէ նախագիծներ կասպեան տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ կը վկայէ Ազրպէյճանի մէջ անոր երկարաժամկէտ առեւտրական գործունէութեան մասին:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է սերտէ «Էյ.Էս.Սի.»-ին դէմ դատ բանալու կարելիութիւնը` զրպարտիչ եւ կեղծ յայտարարութիւններ տարածելուն համար:
www.TheCaliforniaCourier.com
