• Սթրազպուրկի մէջ ՝ Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մօտիկ, բացումը կատարուեցաւ Հայոց այբուբենի յուշարձանին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի ներկայութեամբ։
• Իրանէն Հայաստանի տարածքով տարհանուածներու աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է՝ ընդգրկելով 46 երկրի քաղաքացիներ։
• Օմանի ամենամեծ նաւահանգիստը անօդաչուներով յարձակումի ենթարկուած է։
• ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ բանաձեւ ընդունեց։
• Ամերիկայի եւ Իսրայէլի պատերազմը Իրանի դէմ կը շարունակէ ազդել համաշխարհային վառելիքի մատակարարումներուն վրայ։
• Ամերիկայի նախագահը կրկին խօսած է Իրանի հետ պատերազմի մօտալուտ աւարտի մասին։
• Ամերիկայի մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ հեղինակաւոր (RAND) կեդրոնին մէջ։
