Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

Իրանի ղեկավարութեան խորհուրդը յայտարարեց. «Այաթոլլա Մոջթաբա Խամենէի երկրի ղեկավար նշանակուեցաւ»:

Խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ նշեց. «Սահմանադրութեամբ եւ Մասնագէտներու ժողովի ներքին կանոնակարգով սահմանուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան, խորհուրդը իր օրակարգին վրայ ներառած է նոր ղեկավար ընտրելու նպատակով արտակարգ նիստ գումարելու անհրաժեշտ քայլերն ու կազմակերպչական հարցերը:

«Ատկէ մեկնելով, համապատասխան ծրագրաւորում եւ անհրաժեշտ համակարգում կատարուեցաւ խորհուրդի ամբողջ երկրի տարածքին գտնուող յարգարժան անդամներու` նիստ կատարելու համար, որպէսզի երկիրը չտուժէ ղեկավարութեան որեւէ բացէ` հակառակ սահմանադրութեան 111-րդ յօդուածին մէջ նախատեսուած իմաստուն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ժամանակաւոր ղեկավարութեան խորհուրդ ստեղծելուն», յայտարարեց խորհուրդը:

Նախքան այդ, Իրանի Մասնագէտներու խորհուրդի անդամ Ալի Հուսէյնի Աշքաֆարի, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ընտրութեան մասնակցած էր, յայտարարեց, թէ նախկին գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի պիտի յաջորդէ անոր որդին` Մոջթաբա Խամենէի:

Ան շեշտեց. «Խամենէիի անունը անմահ պիտի մնայ»:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ սպառնացած էր թիրախաւորել ոեւէ անձ, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս նշած էր. «Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը երկար պիտի չգոյատեւէ, եթէ մեր հաւանութիւնը չստանայ»:

«Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը պէտք է մեր հաւանութեան արժանանայ` վստահ ըլլալու համար, թէ տասը տարին անգամ մը վերադառնալու պիտի չստիպուինք», ըսած էր ան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի գրասենեակի քաղաքական խորհրդատուներէն մէկը երէկ յայտարարեց. «Պատերազմը երկար ժամանակ շարունակելու կարողութիւնը ունինք, եւ ներկայիս դիւանագիտութեան առիթ չկայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Ամերիկեան հրթիռներն ու հալածիչները մեր վրայ յարձակում կը գործեն մերձակայ երկիրներէն, ինչ որ շրջանային ապահովութիւնը կը վտանգէ»:

Աղբիւր մը ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ին յայտնեց. «Նախնական գնահատականները ցոյց կու տան, թէ Ամերիկան կրնայ պատասխանատու ըլլալ Իրանի հարաւին մէջ սխալմամբ դպրոցի մը վրայ կատարուած յարձակումին համար»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը առնուազն մէկ ամիս տեւողութեամբ պատերազմի կը պատրաստուի»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ ստացուած մեծ վնասները ցոյց տուած են, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի նախատեսածէն աւելի լաւ պատրաստուած է:

Պաշտօնատարները օրաթերթին ըսած են, թէ Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնատարները իրանեան զինուորական հակադարձութենէն անակնկալի մատնուած են, որովհետեւ չէին նախատեսեր, որ վրիժառական հարուածները լայնածաւալ կամ շարունակական պիտի ըլլան, եւ ծրագրողները կը նախատեսէին, որ Իրանի մէջ գործողութիւնները Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցածին նման ընթանան:

Թրամփ. «Շատ Գոհ Չեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ ընթացող պատերազմին վերջ տալու որոշումը իր եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միացեալ որոշումը պիտի ըլլայ, սակայն անոր ժամկէտին վերաբերեալ վերջին խօսքը իրը պիտի ըլլայ: Ան այս մասին յայտնեց «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին հետ հեռաձայնային հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը միասնաբար գործած են ընդդէմ Իրանի` աւելցնելով. «Իրան Իսրայէլն ու անոր շուրջ գտնուող ամէն բան պիտի քանդէր (…): Միասնաբար գործեցինք եւ քանդեցինք պետութիւն մը, որ կ՛ուզէր Իսրայէլը քանդել»:

«Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ Թրամփ մեկնաբանելով Մոջթաբա Խամենէիի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ ընտրութիւնը բաւարարուած է ըսելով. «Նայինք ինչ տեղի պիտի ունենայ: Ատկէ շատ գոհ չեմ»:

Քալիպաֆ. «Իրան Պատերազմի Ընդլայնման
Չի Ձգտիր, Սակայն Երբեք Անձնատուր Պիտի Չըլլայ»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց, որ ներկայ պատերազմը «Միաստուածութեան ճակատի» եւ «Ամբարտաւանութեան ճակատի» միջեւ բախում մըն է:

«Իրանի թշնամիները կը կարծէին, թէ կարող են պատերազմը սկսիլ, անակնկալ ու կարճատեւ գործողութիւն մը կատարել եւ առաջին օրերէն իրագործել իրենց նպատակը», ըսաւ ան:

«Իրանի շրջանի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները տակաւին հիմնուած են բարեկամութեան եւ գործակցութեան վրայ, սակայն եթէ որեւէ պետութիւն արտօնէ, որ ամերիկեան ռազմակայաններուն կողմէ իր հողերը օգտագործուին Իրանի դէմ յարձակում շղթայազերծելու, ապա Թեհրան բնականաբար պիտի հակադարձէ նոյն կէտերուն», շեշտեց Քալիպաֆ:

«Իսլամական հանրապետութիւնը պատերազմը սկսողը չէր եւ չի ձգտիր զայն ընդլայնել, սակայն երբեք անձնատուր պիտի չըլլայ, երկիրը պիտի պաշտպանէ քաջութեամբ ու իմաստութեամբ եւ դէպքերու զարգացումներուն վրայ վերահսկողութեամբ: Դէմ պիտի կանգնի որեւէ յարձակումի եւ պիտի չարտօնէ երկրին անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը խաթարել», յայտնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:

«Սիոնական գոյացութեան ու անոր աջակիցներուն սկսած պատերազմի հետեւանքները միայն ապահովական ոլորտին մէջ չեն, այլ նաեւ աշխարհի մակարդակի վրայ տնտեսական ընդարձակ հետեւանքներ պիտի ունենան», ընդգծեց Քալիպաֆ:

Պաղայի Յարձակումի Շարունակման
Պայմաններուն Մէջ
Զինադադարի Մասին Խօսիլը Անօգուտ Կը Նկատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի, պատասխանելով զինադադարի հաստատման կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, նշեց. «Այնքան ատեն որ յարձակումները կը շարունակուին, պաշտպանութենէն եւ թշնամիներուն հակադարձելէն այլ բանի մասին խօսիլը անօգուտ է»:

«Անկասկած, Ամերիկան կը փորձէ իրանեան քարիւղի հարստութեան տիրել եւ երկիրը տկարացնելու ու մասնատելու նպատակը կը հետապնդէ», շեշտեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հերքեց, թէ իրանեան զինեալ ուժերը Թուրքիան, Ազրպէյճանը կամ Կիպրոսը թիրախաւորած են:

Սէուտական Արաբիա Կը Դատապարտէ
Իր Եւ Ծոցի Երկիրներուն Վրայ
Կատարուած Յարձակումները

Սէուտական Արաբիան, թագաւորութեան արեւելքը գտնուող Շէյպա քարիւղի դաշտին վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ վնասազերծելէ եւ Թեհրանի յարձակումներուն 10-րդ օրն ըլլալով շարունակուելուն լոյսին տակ դատապարտեց իր եւ Ծոցի երկիրներուն վրայ իրանեան «մեղադրելի» յարձակումները:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան կը վերահաստատէ կտրուկ դատապարտումը թագաւորութեան, Ծոցի համագործակցութեան երկիրներուն եւ շարք մը արաբական, իսլամական ու բարեկամ երկիրներու վրայ իրանեան յարձակումներու, «որոնք կարելի չէ որեւէ պարագայի ընդունիլ կամ արդարացնել»:

«Թագաւորութիւնը կը շեշտէ իր ամբողջական իրաւունքը որդեգրելու բոլոր քայլերը, որոնք կ՛ապահովեն իր անվտանգութեան, գերիշխանութեան, քաղաքացիներուն ու բնակիչներուն պաշտպանութիւնը եւ կը զսպեն յարձակումը», նշեց Ռիատ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Քաղաքային վայրերը, օդակայաններն ու քարիւղի կառոյցները յարձակումի ենթարկելը, միայն անվտանգութեան ու կայունութեան թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ միջազգային փաստաթուղթերու եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնահարման վրայ պնդում ցոյց կու տայ»:

Մաքրոն. «Կիպրոսի Վրայ Յարձակումը
Եւրոպայի Վրայ Յարձակում Է»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Աշխատանք կը տարուի Հորմուզի նեղուցէն անցնող քարիւղատար նաւերուն ընկերակցելու ծովային առաքելութեան ստեղծման համար, երբ կացութիւնը սկսի հանդարտիլ»:

«Կիպրոսի վրայ յարձակումը Եւրոպայի վրայ յարձակում է», յայտարարեց Մաքրոն:

Անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան` Ֆրանսայի նախագահը նշեց. «Պէտք է մագլցումը նուազեցնել, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ աշխատիլ»` աւելցնելով. «Հըզպալլան պէտք է վերջ տայ Իսրայէլի վրայ իր յարձակումներուն, որովհետեւ ան Լիբանանի ապահովութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ»:

Կիպրոսի նախագահը իր կարգին յայտարարեց. «Իրանի հակամարտութեան մէջ զինուորական գործողութիւններու պիտի չմասնակցինք»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նախքան այդ նշած էր, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ եւ շեշտած, որ անհրաժեշտ է, որ Իրան անմիջապէս դադրեցնէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն վրայ յարձակումները, ինչպէս նաեւ պէտք է երաշխաւորէ նաւարկման ազատութիւնը` վերջ տալով Հորմուզի նեղուցի իրողական փակման:

Մաքրոն նաեւ մտահոգութիւն յայտնած էր Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ Միջին Արեւելքի մէջ «կայունութիւնը քայքայող գործունէութեան» նկատմամբ:

Ֆրանսայի նախագահը անհրաժեշտ նկատած էր կացութիւնը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ բանտարկուած ֆրանսացի քաղաքացիներ Սեսիլ Քոլերի եւ Ժաք Պարիսի ազատ արձակման առաջնահերթութիւնը:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի հակադարձելով Մաքրոնին յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան հաստատումը բացառուած է, այնքան ատեն որ Թեհրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումով սկիզբ առած պատերազմը կը շարունակուի»:

«Բացառուած է, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութիւն հաստատուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շրջանին մէջ բռնկեցուցած պատերազմին խորապատկերին, մանաւանդ եթէ այդ մէկը ծրագրաւորումն է կողմերու, որոնք այս պատերազմին աջակցելէ եւ անոր հրահրումին նպաստելէ հեռու չէին», ըսաւ Լարիժանի:

Մերց. «Իրան Ինք Պէտք Է Դադրեցնէ
Մարտական Գործողութիւնները»

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերց յայտարարեց. «Միայն այս վարչակարգը (Իրանի, «Ա.») եւ այսպէս կոչուած Յեղափոխական պահակագունդը կրնան դադրեցնել մարտական գործողութիւնները: Մինչեւ ատիկա տեղի չունենայ, կ՛ենթադրեմ, որ Իսրայէլն ու Ամերիկան պիտի շարունակեն այս վարչակարգէն պաշտպանուիլ»:

Մերց նշած է, որ Իրանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուող սպառնալիքը կը տարածուի շրջանէն շատ աւելի հեռու, մասնաւորաբար մատնանշելով Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Իրանի Ռուսիոյ տրամադրած աջակցութիւնը:

«Իրան միջազգային ահաբեկչութեան կեդրոն է, եւ այս կեդրոնը պէտք է փակուի: Ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները այդ մէկը կ՛ընեն իրենց ձեւով», ընդգծած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Չին Պատուիրակը Կոչ Կ՛ուղղէ`
Մագլցումը Նուազեցնելու

Չինաստանի Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Չայ Ժուն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յորդորեց շրջանին մէջ մագլցումը նուազեցնելու եւ կոչ ուղղեց քաղաքայիններու վրայ յարձակումները դատապարտելու:

Ան ըսաւ, թէ Փեքին «չափազանց մտահոգ է» շրջանին մէջ ներկայ կացութեամբ:

«Ծոցի երկիրներու գերիշխանութիւնը, անոնց անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը անձեռնմխելի են, եւ պէտք է դատապարտել անմեղ քաղաքայիններու եւ ոչ զինուորական թիրախներու վրայ յարձակումները», նշեց Ժուն:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Հորմուզի նեղուցի փակման պատճառով Պրենթ քարիւղի մէկ տակառի գինը ոստում արձանագրելով հասաւ 116.38 տոլարի, իսկ Արեւմտեան Թեքսասի քարիւղի գինը 25 առ հարիւր աճ արձանագրելով հասաւ 115 տոլարի:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի հետեւանքով Եւրոպայի մէջ կազի գինը 30 առ հարիւրով բարձրացած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ քարիւղի գիներու բարձրացումը իրանեան հիւլէական ծրագիրի վտանգի վերացման դիմաց «չնչին գումար մըն է, որ պէտք է վճարել»:

«Քարիւղի գիները կարճ ժամկէտի վրայ կը բարձրանան, սակայն շատ արագ պիտի նուազին, անմիջապէս որ իրանեան հիւլէական վտանգին վերջ տրուի, եւ անիկա շատ չնչին գին մըն է, որ պէտք է վճարել Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի անվտանգութեան ու ապահովութեան համար: Միայն յիմարները այլ կարծիք ունին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Իրանի հետ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ պենզինի գինը բարձրացած է շուրջ 17 առ հարիւրով:

Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէնը զգուշացուց Միջին Արեւելքի մէջ նոր հակամարտութեան համաշխարհային տնտեսութեան վրայ հետեւանքներէ` նշելով, որ շրջանը ընթացող զարգացումներուն լոյսին տակ դիմանալու կարողութեան նոր փորձի կ՛ենթարկուի:

Ան նշեց, որ եթէ Միջին Արեւելքի տագնապը երկարի, անիկա կրնայ ազդել շուկային, բարգաւաճման եւ սղաճին վրայ:

Միջազգային դրամական ֆոնտին տնօրէնը նշեց, որ քարիւղի գիներու իւրաքանչիւր 10 առ հարիւրով բարձրացում համաշխարհային սղաճը պիտի բարձրացնէ շուրջ 40 առ հարիւրով:

Ան ըսաւ, որ քաղաքականութիւն մշակողներուն կը յանձնարարէ համաշխարհային այս մթնոլորտին մէջ անսպասելիին մասին մտածելու եւ անոր պատրաստուելու:

Երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ սէուտական ԱՐԱՄՔՕ ընկերութիւնը քարիւղի երկու դաշտերէն արտահանումները նուազեցուցած է:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին առնչուած քարիւղի արտադրութիւնը կրնայ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը ամբողջովին դադրիլ»:

«Ռուսական քարիւղի ընկերութիւնները պէտք է օգտուին Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ կացութենէն», նշեց ան:

 

 

 

 

Leave a Comment