Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր ընկերային հաղորդակցութեան հարթակներուն ընդմէջէն հետեւեալ գրառումով շնորհաւորեց Ուսուցչաց տօնը.
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ Ուսուցչաց տօնը:
Ներկայ մարտահրաւէրներուն ժամանակ դաստիարակը կը հանդիսանայ այն լոյսը, որ նոր սերունդը պիտի առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագայ»: