Ռէալ Մատրիտ ակումբը լուրջ տագնապի մէջ կը գտնուի: Տարեշրջանի սկիզբէն անկայուն մակարդակ, մարզիչի փոխարինում, ոչ մէկ փոփոխութիւն արդիւնքի իմաստով: Վիրաւորներ կը շատնան, մինչ լուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ, 2023-էն ի վեր մեծ թիւով մարզիկներ լուրջ ձեւով կը վիրաւորուին:
Ճնշումը կը բարձրանայ, եւ նոյնիսկ նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հրաժարականը կը պահանջէին Ռէալ Մատրիտի համակիրները:
Վերջերս, Ռոտրիկոյի վիրաւորուելէն ետք մարզիչ Ալվարօ Արպելոա զրոյցի մը պահուն յայտնած է, որ աւելի դիւրին է աշխատիլը աւելի քիչ մարզիկներով, որովհետեւ ստիպուած կ՛ըլլամ աւելի քիչ մտածել: Թէ այդքան ալ խելացի էր այս խօսքը կամ ոչ արհեստավարժ, յստակ չէ:
Աւելի՛ն. Ռէալ Մատրիտ կապի մէջ մտած է Ա. Սէ. Միլանի այժմու մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլերրիի հետ` գլխաւորելու ակումբը այս ամրան:
Ալլեկրի շատ կարեւոր պայման դրած է` վերադարձնելու Լուքա Մոտրիչը եւ ձեռք ձգելու ֆրանսացի Ատրիեն Ռապիոն: