«Էն. Պի. Էյ.»-ի իր 23-րդ տարեշրջանին Լըպրոն Ճէյմս երէկ մրցանիշ մը եւս բարելաւեց, երբ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մարզիկներէն Քարիմ Ապտուլ Ժապպարի մրցանիշը կոտրեց:
Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 15.837 կողովներ նշանակած էր (առանց ազատ հարուածներու), բայց Լըպրոն անցաւ այդ սահմանը, երբ Տենվըր Նակեթցի դէմ երէկուան մրցումին նշանակեց կողով մը առաջին մասի վերջին վայրկեաններուն:
Ապտուլ Ժապպար իր վերջին կողովը նշանակած էր իր սքայ հուք նշանաւոր ձեւով 1989-ին` լքելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր ասպարէզը 20 տարեշրջաններ խաղալէ ետք:
Քարլ Մալոն 3-րդ դիրքը կը գրաւէ 13,528 կողովներով:
Փետրուար 2023-ին Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր մրցանիշ արձանագրած էր` անցնելով Ապտուլ Ժապպարի կէտերու հաշիւը: Ճէյմս փլէյ օֆի մրցանիշն ալ կոտրեց եւ 50 հազար կէտերու սահմանն ալ անցաւ տարի մը առաջ: Բայց Ապտուլ Ժապպար 56 տոկոս յաջողութեամբ կը նշանակէր իր ամբողջ ասպարէզի ընթացին, մինչ Ճէյմս` 51,6 տոկոս յաջողութեամբ:
41 տարեկան Ճէյմս բնականաբար մրցանիշներ ձեռք կը ձգէ` վերջերս դառնալով ամէնէն երէց մարզիկը, որ թրիփըլ տապըլ կ՛արձանագրէ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Լըպրոն 16 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ իր խմբակից Լուքա Տոնչիչ 27 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց, բայց Լէյքըրզ 120-113 արդիւնքով պարտուեցաւ Նակեթցէն: Տենվըրի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 28 կէտ, 13 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` արձանագրելով իր 23-րդ թրիփըլ տապըլը:
Շիքակօ Պուլզ 11 մրցում պարտուելէ ետք վերջին 3 մրցումներուն իր 2-րդ յաղթանակը տօնեց` 150-102 արդիւնքով յաղթելով Ֆինիքս Սանզին:
Քոլին Սեքսթըն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ Տեւըն Պուքըր 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 121-106 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ: Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա 38 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սփըրզի, մինչ Քէյտ Քանինկհեմ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ իր 16-րդ պարտութիւնը կրեց 61-րդ մրցումին:
Անթոնի Էտուըրտծ անմոռանալի տանք մը կատարեց Ար. Ճէյ. Պարեթի վրայ` օգնելով, որ Մինեսոթա 115-107 արդիւնքով պարտութեան մատնէ Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Ռուտի Կոպեր 18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, մինչ Պարեթ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թորոնթոյի:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Տալաս Մեւրիքս 115-114
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Եութա Ճեզ 112-122
Մայեմի Հիթ – Պրուքլին Նեթց 126-110
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 113-115
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 115-107
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 121-106
Ֆինիքս Սանզ – Շիքակօ Պուլզ 103-105
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 120-113
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-133