Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հրահանգած է Իրանէն դուրս բերել թէ՛ Թեհրան գտնուող դեսպանատան, թէ՛ ալ Թաւրիզի մէջ գտնուող ընդհանուր հիւպատոսութեան աշխատակազմերը:
Պայրամով այս մասին յայտարարած է Մոլտովայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխայ Փոփշոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Պայրամով ընդգծած է, որ տեղի ունեցող գործընթացներուն լոյսին տակ կարելի չէ մարդոց կեանքը վտանգի տակ դնել:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները լարուեցան, երբ 5 մարտին Իրանէն արձակուած 4 անօդաչու թռչող սարքեր ինկան Նախիջեւանի տարածք:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Յարձակողական այս արարքները առանց պատասխանի պիտի չմնան»: