Ազրպէյճան Կը Յայտարարէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին Կողմէ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Կանխելու Մասին

Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը պնդէ, որ կանխած է Իրանի յեղափոխական պահակագունդին կողմէ կազմակերպուած շարք մը «ծրագրաւորուած ահաբեկչական, ներթափանցումի եւ հետախուզական գործողութիւններ»:

Ըստ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն տարածած հաղորդագրութիւններուն, գործողութիւններուն թիրախ էին Ազրպէյճանի կարեւորագոյն ենթակառուցուածքները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Նպատակակէտերու շարքին էին «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը եւ Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը, սինակոկը եւ այլն:

Կը նշուի, որ «ահաբեկչական ծրագիրները» խափանուած են, կան կալանաւորներ, ներառեալ Իրանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ:

Leave a Comment