Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան ցամաքային ուժեր ուղարկելը ժամանակի կորուստ պիտի ըլլայ:
«Հորմուզի նեղուցը բաց պիտի մնայ, որովհետեւ իրանեան ծովուժը ընկղմեցինք», նշեց ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց. «Իրանի դէմ հարուածները պիտի դադրին, երբ ես որոշեմ անոնց դադրեցումը»:
«Իրան ենթարկուեցաւ քանդումի մը, որմէ ետք իր կարողութիւնները վերականգնելու կարող դառնալու համար 10 տարուան կը կարօտի», ըսաւ ան:
«Աշխարհի վրայ հզօրագոյն զինուորական ուժը ունինք եւ Իրանի հրթիռային կարողութիւնները քանդեցինք: 3 օրուան մէջ 24 իրանեան նաւ խորտակեցինք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Մեր ուժերը Իսրայէլի հետ գործակցաբար կը շարունակեն Իրանի մէջ թշնամին ամբողջութեամբ քանդել: Պիտի շարունակենք թշնամին քանդել ժամանակացոյցէն աւելի արագ կշռոյթով եւ նախապէս մարդոց չտեսած մակարդակի վրայ», ըսաւ Թրամփ:
«Պատերազմին վերաբերեալ այլընտրանք չունէինք, որովհետեւ եթէ զանոնք չհարուածէինք, իրենք մեր դէմ յարձակում պիտի գործէին», յայտնեց ան:
Թրամփ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին, բանակին ու ոստիկանութեան կոչ ուղղեց` իրենց զէնքերը վար դնելու, «որովհետեւ անոնք միայն մահուան պիտի արժանանան»:
«Հիմա յարմար պահն է, որ Իրանի մէջ ապահովական մարմինները կանգնին ժողովուրդի կողքին եւ երկրի վերատիրացման օգնեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Աշխարհի տարածքին իրանցի դիւանագէտներուն կը յորդորենք ապաստան խնդրելու, ինչպէս նաեւ նոր եւ աւելի լաւ Իրանի կառուցման օգնելու»:
Թրամփ նաեւ «քարիւղի վրայ ճնշումները մեղմացնելու մօտալուտ քայլեր» յայտարարեց:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Բացի առանց պայմանի անձնատուութենէն, Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն պիտի չըլլայ»:
«Իրանի առանց պայմանի անձնատուութենէն ետք մեծ եւ ընդունելի ղեկավարի ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց ան:
«Դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ աշխատանք պիտի տանինք Իրանը քայքայման եզրէն փրկելու եւ անոր տնտեսութիւնը ամրապնդելու», նշեց Սպիտակ տան ղեկավար` աւելցնելով. «Իրանը անգամ մը եւս մեծ պիտի դարձնենք»:
«Իրանի մէջ կրօնական ղեկավարի մը գոյութեան դէմ չեմ, սակայն պէտք է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ լաւ վարուի», յայտնեց Թրամփ:
«Իրանը այսօր մէկ շաբաթ առաջ եղածին պէս չէ, երբ հզօր էր, իսկ հիմա իր կարողութիւններու մեծամասնութենէն մերկացուեցաւ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարեց. «Կարգ մը պետութիւններ միջնորդութեան ջանքերու սկսան: Անոնց յայտնեցինք, թէ յանձնառու ենք շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման»:
«Միջնորդները պէտք է դիմեն անոր, որ իրանցի ժողովուրդը թերագնահատելով լարուածութիւն յառաջացուց», ըսաւ ան:
«Մենք երբեք չենք տատամսիր մեր երկիրին արժանապատուութիւնն ու իշխանութիւնը պաշտպանելէ», նշեց Փեզեշքիան:
ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի տեւական ներկայացուցիչ Ամիր Սահիտ Իրուանի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները պէտք է Միացեալ Նահանգներէն ու Իսրայէլէն պահանջեն թշնամական արարքները դադրեցնել:
Ան ՄԱԿ-ի բոլոր անդամներուն կոչ ուղղեց դատապարտելու Իրանի վրայ կատարուած ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան քրտական խմբաւորումներ հաւաքուած են Իրաքի սահմանին վրայ` առ ի պատրաստութիւն Իրանի վրայ յարձակում գործելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իրանեան զինեալ ուժերը երկար ատեն պատրաստուած են այս պատերազմին:
«Իրանեան հզօր զինեալ ուժերը, որոնք այս պատերազմին երկար ատենէ ի վեր պատրաստուած են, կ՛երաշխաւորեն, որ անիկա զայն բոլոր մղել ուզողներուն համար ճահիճի վերածուի», նշեց Արաղչի:
«Ամերիկեան այս վարչակազմին հետ երկու անգամ բանակցեցանք, եւ երկու անգամին ալ բանակցութիւններու ընթացքին մեր վրայ յարձակում գործուեցաւ: Ուստի ան կը կրէ արիւնահեղութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը», յայտնեց ան:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնատեղիի բանբերը յայտնած է. «Թշնամիի դիրքերուն վրայ մեր յառաջիկայ յարձակումները աւելի շատ եւ լայնածիր պիտի ըլլան»:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կը ծրագրուի Ղեկավարութեան մասնագէտներու խորհուրդ կազմել եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին նոր գերագոյն հոգեւոր պետը ներկայացնել:
Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յեղափոխական պահակագունդը հրթիռային յարձակումներ գործած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ գտնուող դիրքերու վրայ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետ զօր. Պրատ Քուփըր յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերը աւելի քան 30 իրանեան նաւեր քանդած են եւ անօդաչու թռչող սարքեր կրող նաւ մը հարուածած` ընդգծելով, որ Իրանի հրթիռներով յարձակումները պատերազմի առաջին օրուան համեմատած 90 առ հարիւրով նահանջած են, իսկ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումները` 83 առ հարիւրով:
«Այս գործողութեան մէջ երկրորդ փուլին անցանք, եւ պիտի կազմաքանդենք Իրանի` ապագային կանոնաւոր կերպով հրթիռներ արտադրելու կարողութիւնը», աւելցուց ան:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած են, որ Ռուսիան Իրանին կը փոխանցէ հետախուզական տեղեկութիւն Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան մարտանաւերու, օդանաւերու եւ ռատարային համակարգերու տեղակայման վայրերու վերաբերեալ:
Ըստ պաշտօնատարներու տուեալներուն, այդ տեղեկութիւնը Թեհրանին կ՛օգնէ թիրախաւորել շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերը:
Աղբիւրները կը նշեն, որ նման աջակցութիւն կը վկայէ հակամարտութեան Ռուսիոյ անուղղակի մասնակցութեան մասին, թէեւ Մոսկուան պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած իրավիճակը եւ ուղղակիօրէն չի մասնակցիր մարտական գործողութիւններուն:
Ներկայացուցիչներու Տունը Եւս Խոչընդոտեց
Թրամփի Զինուորական Լիազօրութիւնները
Սահմանափակող Որոշումը
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը 219 դէմ քուէներով մերժեց որդեգրումը օրինագիծի մը, որ կ՛արգիլէ առանց Քոնկրեսի արտօնութեան Իրանի դէմ յաւելեալ յարձակումներ գործելը:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը մէկ օր առաջ 53 դէմ եւ 47 թեր քուէներով խոչընդոտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առանց Քոնկրեսի լիազօրութեան Իրանի դէմ զինուորական լիազօրութիւնները խոչընդոտող որոշումի մը որդեգրումը:
Քաթար Կը Դատապարտէ
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իրանեան յարձակում մը Պահրէյնի մէջ գտնուող շէնքերու վրայ, ուր քաթարեան ծովուժի անդամներ կը գտնուին:
Նախարարութիւնը շեշտեց. «Պահրէյնի մէջ (Ծոցի) համագործակցութեան խորհուրդի ծովային գործողութիւններու կեդրոնին վրայ յարձակումը թշնամական արարք է եւ թագաւորութեան գերիշխանութեան ոտնահարում»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ քաթարեան ծովուժի յարձակումի ենթարկուած շէնքին մէջ գտնուող անձնակազմը ողջ առողջ է:
Ամերիկեան Հետաքննութիւն Մը. «Իրանի Մէջ
Աղջկանց Դպրոցի Մը Վրայ Յարձակումին
Հաւանական Պատասխանատուն Ամերիկան Է»
Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ամերիկացի զինուորական հետաքննիչներ հաւանական կը նկատեն, որ անցեալ շաբաթ օր Իրանի մէջ աղջկանց դպրոցին վրայ տասնեակներով զոհեր պատճառած յարձակումին պատասխանատուները ամերիկեան ուժերը ըլլան:
Հետաքննիչները, սակայն, տակաւին վերջնական արդիւնքի չեն հասած եւ իրենց հետաքննութիւնը չեն ամբողջացուցած:
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ չորեքշաբթի օր հաստատած էր, որ ամերիկեան բանակը դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ամերիկացի երկու պաշտօնատարները չեն բացառած, որ երեւան գան նոր փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ պատասխանատուն ամերիկեան կողմը չէ, եւ յարձակումին իբրեւ պատասխանատու կը նշեն այլ կողմ մը:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Պահրէյնի յայտնած էր, որ յարձակումը 150 աշակերտուհիներու կեանքերը խլած է:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ յայտարարեց, թէ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Իրանի մէջ սպաննուած երեխաներուն թիւը շուրջ 180 է, անոնցմէ 168-ն մահացած են Մինապի մէջ դպրոցի ռմբակոծման հետեւանքով:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ նաեւ կը նշէ, որ վնասուած են դպրոցներ ու հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ կը զգուշացնէ երեխաներու վրայ պատերազմի վտանգներուն վատթարացումէն:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ժամանակաւորապէս մեղմացուց Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` ներկայիս ծովուն մէջ առկախ վիճակի մէջ գտնուող ռուսական քարիւղի Հնդկաստանին վաճառումը արտօնելու համար:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակեց Ռուսիոյ վերաբերեալ արտօնագիր մը, որ մինչեւ 3 ապրիլ կ՛արտօնէ քարիւղատարներու վրայ գտնուող ռուսական քարիւղն ու նաւթամթերքները վաճառել Հնդկաստանին:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ բացատրեց, թէ զանց կացեցումը հրապարակուած է «քարիւղի միջազգային շուկաներ հոսքի շարունակումը արտօնելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ իր կարգին յայտարարեց. «Մօտ օրէն պիտի կարենանք ջրային միջանցքներու ճամբով նաւերու երթեւեկը բնականոն կացութեան վերադարձնել»:
«Ամերիկեան ծովուժէն նաւերու Հորմուզի նեղուցին մէջ բեռնատար նաւերու ընկերակցութեան որոշակի ժամանակացոյց գոյութիւն չունի», նշեց ան:
«Հորմուզի նեղուցէն ուղղակի հոսքի սահմանափակումներուն պատճառով քարիւղի գինի քիչ մը բարձրացում գոյութիւն ունի», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարը:
«Ուժանիւթի գիները նուազեցնելու կարճաժամկէտ եւ ժամանակաւոր շարք մը քայլեր ունինք», ընդգծեց Ռայթ:
«Հնդկաստանին ռուսական քարիւղ գնել արտօնելնիս ժամանակաւոր եւ արագ փոփոխութիւն է քարիւղի ցած գիները պահպանելու համար», յայտնեց նախարարը:
«Ուժանիւթի գիները ներկայիս երկու ամիս առաջուընէ բարձր են, եւ կ՛ուզենք մեր քաղաքացիները շուկաներու վերիվայրումներէն պաշտպանել», նշեց Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարը:
Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիան տակաւին քարիւղի, կազի ու հեղուկ բնական կազի հաւաստի մատակարար է եւ կրնայ յանձնման գործողութիւնները երաշխաւորել:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Իրանի պատերազմը ռուսական ուժանիւթային արտադրութիւններուն պահանջարկը աւելցուց:
Ան մերժեց նշել Հնդկաստանին մատակարարուելիք քարիւղի քանակը:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան կողմը Հնդկաստանի վրայ ամիսներով ճնշում բանեցուցած էր, որպէսզի ռուսական քարիւղ գնելէ հրաժարի:
Մինչ Ֆրանսան աշխատանք կը տանի շրջանին մէջ նաւարկումի ազատութիւնը ապահովելու համար միջազգային դաշինքի կազմաւորման նկատմամբ աջակցութիւն ապահովելու, Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆիլիփ Թապարօ յայտնեց, որ ֆրանսական շուրջ 50 նաւեր ներկայիս արգելափակուած կը մնան Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ, իսկ 8 այլ նաւեր ալ` Կարմիր ծովուն մէջ:
«Ծոցի ջուրերուն մէջ շուրջ 50 նաւեր, աւելի ճիշդ 52 նաւեր կան, եւ 8 նաւեր ալ Կարմիր ծովուն մէջ: Մենք անոնց անձնակազմերուն հետ տեւական կապի մէջ ենք, որովհետեւ այդ նաւերէն շատերուն վրայ ֆրանսացի նաւաստիներ կան», նշեց նախարարը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ ասիացի մեծահարուստներ Ծոցի շրջանին մէջ հետզհետէ աճող զինուորական մագլցումին պատճառով իրենց ելեւմտական միջոցներն ու ներդրումները սկսած են Տուպայէն այլուր տեղափոխել:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ օրինակը երկու հնդիկ գործարարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախազգուշական քայլով մը աւելի քան 100 հազար տոլար Տուպայէն Սինկափոր տեղափոխած է, նախքան թեքնիք խանգարումներու այդ գործողութիւնը խափանելը:
Քաթարի ուժանիւթի նախարար Սաատ Քաապի «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նախատեսեց, որ կացութիւնը այսպէս շարունակուելու պարագային Ծոցի ուժանիւթ արտադրող բոլոր երկիրները քանի մը շաբաթէն դադրեցնեն իրենց արտածումները, ինչ որ պիտի յանգեցնէ քարիւղի տակառի գինի 150 տոլարի բարձրացման:
Քաթարի ուժանիւթի նախարարը օրաթերթին նշեց, որ նոյնիսկ եթէ պատերազմը անմիջապէս աւարտի, ապա Քաթար շաբաթներէ մինչեւ ամիսներ երկարող ժամանակի պիտի կարօտի արտադրութեան բնականոն հունին վերադառնալու: