Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Զուռնան հայ մշակոյթի ամենահին եւ խորհրդանշական երաժշտական գործիքներէն է: Զուռնային հայրենիքը կը համարուի Հայկական Լեռնաշխարհը, տարածուած է նաեւ Միջին Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ:
Հայկական զուռնան կը պատրաստուի ծիրանենիի, թթենիի, ընկուզենիի կոշտ փայտէն` ապահովելով զիլ, իւրայատուկ հնչերանգ:
Դարեր շարունակ զուռնան եղած է հայ գիւղական եւ քաղաքային կեանքի անբաժան մասը` հնչելով հարսանիքներուն, բերքահաւաքներուն, ազգային ու կրօնական տօներուն: Անոր զօրեղ, թափանցիկ ձայնը յաճախ զուգակցուեր է թմբուկի` դհոլի հետ, դառնալով հայկական տօնական երաժշտութեան գլխաւոր խորհրդանիշը:
Զուռնան ոչ միայն տօնական, այլեւ մարտական գործիք եղած է, անոր զիլ ձայնը հնչած է պատերազմի դաշտերուն վրայ` ոգեւորելով զինուորները: Իսկ ինչ կը վերաբերի պարերուն` քոչարի, շուրջպար, թամզարա, ան եղած է գլխաւոր առաջնորդը` կերտելով հայ ժողովուրդի միասնականութեան ու կենսունակութեան խորհրդանիշը:
Մեր օրերուն զուռնան կը շարունակէ իր ուղին` հարսանիքներու, տօնակատարութիւններու եւ բեմական ներկայացումներու ընթացքին` կապելով ներկան հազարամեայ անցեալին հետ:
Հոգեբանին Կարծիքով
Երկու Ուսապարկ
Երբ երեխան դպրոց կ՛երթայ, ան ամէն առտու իրեն հետ կը տանի երկու ուսապարկ:
Առաջինը տեսանելի է: Անոր մէջ կան` դասագիրքերը, տետրակները, գրչատուփը եւ այլն…
Երկրորդը անտեսանելի է: Եւ ճիշդ անիկա է յաճախ ամենածանրն ու ամենակարեւորը: Այդ ուսապարկին մէջ կան անոր զգացումները, որոնք օրական կը փոխուին: Հոն կան` երէկուան ձեռքբերումները, փոքրիկ յաղթանակները եւ այսօրուան անհանգստութիւնները: Հոն կան նաեւ մեծերուն սպասելիքները, որոնք կը ճնշեն, նոյնիսկ եթէ բարձրաձայն չեն արտայայտուիր:
Երբեմն այդ ուսապարկին մէջ դրուած է մամային ժպիտը եւ հայրիկին խօսքերը` «Յաջող օր քեզի»: Իսկ երբեմն` առաւօտեան վէճը, արցունքները, վիրաւորանքը կամ այն զգացումը, թէ քեզ ոչ ոք կը լսէ…
Այդ ուսապարկին մէջ կրնայ ըլլալ ջերմութիւնը ընկերոջ մը, որ աջակցեր է, կամ ալ` մինակութեան ծանրութիւնը, երբ խաղէն դուրս ձգեր են: Դժբախտաբար այս բոլորին մասին միշտ չէ, որ երեխան խօսքերով կրնայ պատմել:
Երկրորդ ուսապարկը հնարաւոր է տեսնել: Պարզապէս պէտք է ուշադիր հետեւիլ երեխային վարքագիծին, քանի որ երեխան միշտ կը խօսի իր աչքերով, նոյնիսկ երբ լուռ է…
Աղբիւր` «Սովորենք սիրով»
Հետազօտութիւններ Կը Վկայեն
Տխուր Երգերը Կը Բուժեն
Ամերիկեան «Ճըռնըլ Աֆ Քանսիումըր Ռիսըրչ» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, տխուր երգերը կ՛օգնեն համեմատաբար դիւրին տոկալու սիրածէն բաժանումին:
Փորձարկում մը ցոյց տուած է, որ տխուր, մելամաղձոտ երգերը կ՛ազդեն բաժանումէ տառապող սիրտերուն վրայ այնպէս, ինչպէս կ՛օգնէր ընկերոջ մը կարեկցանքը:
Տխուր երգերը նաեւ կը ցրուեն վատ միտքերը, կ՛օգնեն մեղմելու ցաւը եւ կը դարմանեն սրտին վէրքերը, կը շեշտէ յօդուածագիրը` աւելցնելով, թէ երգիծական ժապաւէններն ու ուրախ երգերը կարճ ժամանակով միայն կը թեթեւցնեն տառապող անձին վիճակը:
Ծանր Պայուսակը Ընկճախտ Կը Պատճառէ
Որքան ծանր է ձեր պայուսակը, այնքան մեծ է հոգեկան խանգարման մատնուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգեր են Հոնկ Քոնկի ազգային համալսարանի գիտնականները:
Ուսումնասիրութեան մը աւարտին մասնագէտները փոխադարձ կապ հաստատեր են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեկան վիճակի միջեւ: Պարզուեր է, որ պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ եւ ընկճախտ կը պատճառէ:
Գիտնականներու կարծիքով, ծանր բեռ ունենալը տխուր եւ տհաճ միտքեր կը յառաջացնէ մարդոց մօտ: Մասնագէտները կը նշեն, որ այդ տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մակարդակով, եւ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:
«Էս.Էմ.Էս.»-ները Կ՛երջանկացնեն
Մարդ ուրախութեան պոռթկում կ՛ունենայ ամէն անգամ, երբ ընկերոջմէ կամ ընտանիքի անդամներէն մէկու կողմէ հաղորդագրութիւն կը ստանայ, հաստատած է ամերիկեան գիտափորձ մը:
«Տը Թելեկրաֆ»-ը կը հաստատէ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի հոգեբանները աւելի քան երկու հազար հոգեկան անկումէ տառապող անձերու վրայ կատարուած գիտափորձի մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ «Էս.Էմ.Էս.»-ը դրականօրէն կ՛ազդէ մարդու հոգեբանական վիճակին վրայ:
Հոգեկան անկումէ տառապող երկու հազար անձերը ծրագրուած ձեւով «Էս.Էմ.Էս.»-ներ ստանալով` լուրջ բարելաւում արձանագրած են, այն պարզ տրամաբանութեամբ եւ համոզումով, իրենք լքուած չեն եւ իրենց մասին մտածող եւ իրենցմով հետաքրքրուող անձեր կան իրենց շուրջ:
Նորաձեւութիւն
Կրծքազարդերը` 2026-ի
Ամենանորաձեւ Աքսեսուարները
Երկար ժամանակ դասական, երբեմն նոյնիսկ հնաոճ համարուած կրծքազարդերը վերադարձած են` որպէս ամենանորաձեւ աքսեսուարներ: Ծաղիկներ, կենդանիներ, խորհրդանշական կամ վերացական ձեւեր կը զարդարեն նորաձեւութեան աշխարհի մեծագոյն ոճաբաններուն զգեստները:
Այսօր, 2026-ի կրծքազարդերը աննկատելի աքսեսուարներ չեն, այլ` ոճի արտայայտութիւն, գեղեցիկ իրերու նկատմամբ սեփական ճաշակը արտայայտելու միջոց:
Ստորեւ` հետաքրքրական նմուշներ:
Ձեռային Աշխատանք
Կրկնեփի Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Չկայ տուն մը, ուր «Danish Butter Cookies»-ի պարապ տուփ մը չգտնուի… Եթէ դուք ալ վայելեր էք այդ խորհրդանշական կապոյտ տուփին կարագով կրկնեփները, հաւանաբար ունիք քանի մը պարապ տուփ: Փոխանակ զանոնք նետելու` ինչո՞ւ երկրորդ կեանք մը չտաք անոնց: Քիչ մը ստեղծագործութեամբ եւ նուազագոյն ջանքերով կրնաք այս տուփերը վերածել գործնական իրերու, որոնք ձեր տան կ՛աւելցնեն հմայք եւ օգտակարութիւն:
Ստորեւ հնարամիտ գաղափարներ` կրկնեփի պարապ տուփերուն երկրորդ կեանք մը տալու համար:
Բ.- Առաջին բուժօգնութեան նախատեսուած պիտոյքներու տուփ,
Գ.- Փոքր չափի տնային բոյսերու թաղար,
Յիշենք, որ ձեռային աշխատանքը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը, կը խթանէ կեդրոնացումը եւ կը զարգացնէ համբերատարութիւնն ու նպատակասլացութիւնը:
Խոհագիր
Պահքի Կարկանդակ
3/4 գաւաթ նարինջի հիւթ
2/3 գաւաթ շաքարաւազ
1/2 գաւաթ բուսական ձէթ
1/3 գաւաթ եռացած ջուր
1 ապուրի դգալ քացախ
1 կիտրոնի կեղեւի տաշուք
Պտղունց մը վանիլլա
2 գաւաթ մաղէ անցած ալիւր
1 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
Պատրաստութիւն
Նարինջի հիւթին աւելցնել շաքարաւազը եւ լաւ խառնել, մինչեւ որ շաքարաւազը լուծուի, աւելցնել բուսական ձէթն ու վանիլլան, դարձեալ լաւ խառնել վերջապէս, աւելցնել քացախն ու եռացած ջուրը:
Թաց բաղադրիչներուն քիչ-քիչ աւելցնել մաղուած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ կիտրոնի տաշուքը: Խառնել մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ստացուի:
20 սմ տրամագիծով թխման կաղապարը ձէթով ծեփել, լեցնել խմորը եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 40-45 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով:
Կարկանդակը պաղելէն ետք կարելի է զարդարել փոշի շաքարով եւ նարինջի շերտերով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Շունը
Չեմ յիշում հիմա, թէ անունն ի՞նչ էր…
Հայեացքը տխուր, տխուր ու ջինջ էր:
Մորթը սեւուկ էր ու չալ էր պոչը,
Աստղերի հետ էր նրա հաջոցը:
Նրա ոռնոցը լուսնի դէմքին էր,
Ու նրա տեղը մեր տան շեմքին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մէգ-մշուշում է,
Եւ մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Նա մեր գնալու հոտը առել էր,
Ցաւից կուչ եկել ու պառաւել էր:
Տխուր էր այնպէս ու սրտադող էր,
Ոռնում էր անվերջ, փորում էր հողը:
Եւ շան մասին էր իմ տատի հարցը.
– Ի՞նչ պիտի լինի խեղճ արարածը:
Յետոյ ամէն ինչ մէգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Մեր բեռը կապած ու ձին բարձած էր,
Մեր դրան առաջ արցունք ու լաց էր:
Շունը կլանչում, շեմքը թողնում էր,
Փաթաթւում տատիս, տխուր ոռնում էր:
Մերթ վազում դէպի մեր քարաւանը,
Մերթ ետ էր դառնում, պառկում դրանը:
Հարցում էր անում, ասես, մեր շունը.
Թէ թողնի՞ արդեօք այգին ու տունը:
Ծանօթ աստղերը, ծանօթ լուսինը,
Որ ամէն գիշեր մեր տան ուսին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մէգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Տխուր զնգում է ձիու զանգակը,
Մեր ճամբան հեռու երկնքի տակ էր:
Ու քանի անգամ, ախ, քանի-քանի,
Նա եկաւ հետքով մեր քարաւանի:
Հեւիհեւ էր նա, լեզուն հանած էր,
Խոնաւ աչքերում խոնաւ մի հարց էր:
Փաթաթւում էր ինձ, լիզում էր ձեռքս,
Կիսում էր հացս, կիսում էր վէրքս:
Ոռնում, վայում էր նա գիշերն ամբողջ
Ու ետ սլանում իր եկած ճամբով:
Յետոյ ամէն ինչ մէգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Կլանչում է նա, վազում հեւիհեւ
Մեր քարաւանի ու մեր տան միջեւ…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ



