Եւրոպայի ախոյեան, Ունիվերսիատայի յաղթող եւ Աշխարհի բաժակի մրցանակակիր, 18 տարեկան Համլեթ Մանուկեան ընտրուեցաւ 2025-ի լաւագոյն մարմնամարզիկ` համակիրներու քուէարկութեան արդիւնքներով:
Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին մէջ տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը: Արդիւնքներուն համաձայն, Մանուկեան ստացած է ձայներուն 51 տոկոսը` աւելի քան մէկ միլիոն 30 հազար ձայն:
Տարուան լաւագոյն մարմնամարզիկի կոչման համար Համլեթ Մանուկեան գերազանցած էր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ, Թրամփիլինով ցատկելու Եւրոպայի ախոյեան Թոֆիք Ալիեւը, որ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Քուէարկութեամբ հայ երիտասարդ մարմնամարզիկը արագ զարգացող ասպարէզին մէջ իր 18 տարեկանին կը դասուի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներուն շարքին: