ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ այցելեցին Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ ցաւակցական գրառում կատարեցին սգամատեանին մէջ` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի եւ ամերիկեան-Իսրայէլեան յարձակման միւս զոհերու մահուան առիթով:

«Մեր դրացի եւ բարեկամ երկիր Իրանի մէջ լայնածաւալ տարողութեան, եւ շրջանին մէջ այս պատերազմական իրավիճակը վտանգաւոր է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար ե՛ւ անվտանգային, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ մնացած առումներով: Այսօր մեր ցաւակցութիւնները յայտնած ենք եւ յոյս յայտնած, թէ որքան կարելի է շուտ իրավիճակը կայունանայ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Իրան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեամբ եւ ինքնիշխանութեան պահպանումով շահագրգիռ երկիր է եւ բազմաթիւ անգամներ այդ մասին, նոյնիսկ այս ծանր օրերուն այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցով իր յստակ դիրքորոշումը յայտնած է: Այս տեսանկիւնէն մեր դրացի երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը մեզի համար եւս շատ կարեւոր է», նշած է ան:

Leave a Comment