Իզաք Տրոկպա Միացաւ Հայքին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երկու օրեր յետաձգուելէ ետք կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառներով, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը շարունակուեցաւ երկուշաբթի օր:

Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցան երեք մրցումներ:

«Հայք» ֆութպոլի ակումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պենթունիթ խումբը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արմէն Մանուչարեան:

Սակայն բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Հայք»-ի յայտացուցակին վրայ գտնուող Իզաք Տրոկպայի անունին վրայ: Իզաք պատմական յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպայի զաւակն է, որ վերջերս առանց խումբի էր:

25 տարեկան Իզաք իր հօր նման յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղայ, բայց իր հօր նման ֆիզիքական կարողութիւններ չունի:

Ան 178 սմ հասակ ունի, մինչ Տիտիէ 189 սմ մկաններու կոյտ մըն էր:

Փղոսկրեայ Ափունքի քաղաքացիութեան կողքին ան ունի ֆրանսական քաղաքացիութիւն ալ եւ ծնած է Փարիզ: Ան սկսած է Չելսիի տարիքային երիտասարդական խումբերէն, ապա միացած Կենկանի երիտասարդներու խումբին: 2020-ին միացած է իտալական 4-րդ դասակարգի խումբերէն Ֆոլկորէ Քարաթեզէի, ապա ժամանակ մը առանց խումբի մնալէ ետք ելոյթներ ունեցած Փորթուգալի Աքատեմիքա եւ պելճիքական Լա Քուվիեր ակումբներուն հետ:

Այլ մրցումներու ընթացքին, առաջին դիրքը գրաւող Սարդարապատ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շիրակի Բ. խումբը, ուր Համլեթ Մինասեան 4 կոլ նշանակեց: Ուրարտու Բ. խումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Արարատ Բ.-ի հետ:

Leave a Comment