Անցեալ ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնը:
«Օփթա» վիճակագրութիւններու մասնագէտները աշխատցուցած են իրենց գերհամակարգիչները, որոնց համաձայն Անգլիոյ Արսենալ ակումբը կը պահէ այս մրցաշարքը շահելու մեծագոյն յոյսերը: «Կանըրզ» («Թնդանօթաձիգներ»-ը)` ունին 27,4 տոկոս յաղթանակի հաւանականութիւն:
Արսենալ տարեշրջանի սկիզբէն թիւ 1 թեկնածուն կը նկատուէր, եւ վիճակաձգութեան հիմամբ անոնց ճամբան աւելի «դիւրին» կ՛երեւի (անշուշտ թուղթի վրայ) մինչեւ կիսաւարտական, ուր կրնայ հանդիպիլ Պարսելոնային:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Միւնիխի Պայերնը, որ 14,3 տոկոս հաւանականութիւն ունի: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Լիվըրփուլ` 12,8 տոկոս հաւանականութեամբ:
Անոնց կը հետեւին Մանչեսթըր Սիթի (10,8 տոկոս), Պարսելոնա (7,7 տոկոս), Չելսի (6,9 տոկոս), Նիւքեսըլ (4,7 տոկոս), Փարիզ Սեն Ժերմեն (4,6 տոկոս) եւ Ռէալ Մատրիտ (2,8 տոկոս):
Այս բոլորը, անշուշտ ինչպէս ըսինք, թուղթի վրայ են, եւ դաշտի վրայ ամէն ինչ տարբեր է եւ տարբեր կրնայ ըլլալ:
Ռէալ Մատրիտի նման խումբեր կան, որոնք «Չեմփիընզ լիկ»-ի փորձառութիւն եւ… բախտ ունին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք վիճակաձգութեան արդիւնքները` այժմէն բաժնելով երկուքի եւ յայտնելով, թէ յաջորդական մրցումներու յաղթականները իրար դէմ պիտի մրցին քառորդ աւարտականին:
Թիւ 1 մրցում – Փարիզ Սեն Ժերմեն – Չելսի
Թիւ 2 մրցում – Կալաթասարայ – Լիվըրփուլ
Թիւ 3 մրցում – Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի
Թիւ 4 մրցում – Աթալանթա – Պայերն Միւնիխ
Թիւ 5 մրցում – Նիւքեսըլ – Պարսելոնա
Թիւ 6 մրցում – Աթլեթիքօ Մատրիտ – Թոթենհամ
Թիւ 7 մրցում – Պոտօ Կլիմթ – Սփորթինկ Լիզպոն
Թիւ 8 մրցում – Պայեր Լեւերքուզըն – Արսենալ
Ինչպէս նշեցինք, թիւ 1 մրցումին յաղթականը քառորդ աւարտականին կը մրցի թիւ 2 մրցումին յաղթականին դէմ, եւ կը շարունակուի նոյն ձեւով եւ կարգով:
Մէկ խօսքով` առաջին 4 մրցումներէն զտուած խումբը աւարտականին պիտի մրցի 5-րդէն 8-րդ մրցումներու յաղթականին դէմ, Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա), 30 մայիսին:
1/8-րդ աւարտականի առաջին ճակատումները տեղի կ՛ունենան 10-11 մարտին, իսկ դարձի մրցումները` 17-18 մարտին: