Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Հըզպալլայի Իրանի Կողքին Պատերազմին Մէջ Մտնելը Կախեալ Է Զինուորական Հաւանական Հարուածի Ծաւալէն

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Կը կարծենք, թէ տակաւին Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով դիւանագիտութեան առիթ գոյութիւն ունի»:

«Ամերիկեան «Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիրը շաբաթավերջէն առաջ Միջին Արեւելքի շրջան պիտի հասնի», աւելցուցած է ան:

Աղբիւրը «Ժազիրա»-ին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին տրամադրուած զինուորական ծրագիրները սահմանափակ հարուածի ու վարչակարգի տապալման միջեւ կը տարուբերին եւ նկատի կ՛ունենան վարչակարգին տապալման հաւանականութեան առնչուած հետեւանքները»:

«Կը նախատեսենք, որ զինուորական հարուածի ենթարկուելուն պարագային Իրան շարք մը ճակատներու վրայ պատերազմ մղէ: Մեր գնահատումով Հըզպալլայի Իրանի կողքին պատերազմի մէջ մտնելը կախեալ է զինուորական հաւանական հարուածի տարողութենէն», նշած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

«Զինուորական ծրագիրները նկատի կ՛առնեն մեր ուժերն ու շահերը պաշտպանելը, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներն ու գործընկերները պաշտպանելը», ըսած է ան:

«Իրանի դէմ հաւանական զինուորական գործողութեան նպատակը անոր հիւլէական զէնք չունենալը երաշխաւորելն է», «Ժազիրա»-ին յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Leave a Comment