Պայրագտարեան Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանատան Գործավարը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործավար Իատ Հազահը, որուն կ՛ընկերակցէր անոր խորհրդական Շատի Իպրահիմը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն առնչուող ընդհանուր հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն միջեւ երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք կեանքի կոչելու կարելիութիւնները:

Հազահ Պայրագտարեանին յանձնեց իր սուրիացի պաշտօնակից Մոհամետ Սամահ Համետի կողմէ նամակ մը, որ կը վերաբերէր հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, եւ անոր ներկայացուց Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատանքները:

Պայրագտարեան իր կարգին դեսպանատան գործավարին ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրներն ու աշխատանքները:

Leave a Comment