Բռնցքամարտ Անուշ Գրիգորեան` Յաղթական – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ կը շարունակուի Սթրանճայի միջազգային բռնցքամարտի հնագոյն մրցաշարքը, ուր Հայաստանէն չորս ներկայացուցիչներ երէկ մենամարտեր ունէին:

51 քկ աղջկանց մրցումներուն, Անուշ Գրիգորեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց իտալացի Միշել Վեսքովինիին եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Գրիգորեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ սերպ Նինա Ռատովանովիչ:

60 քկ տղոց մրցումներուն, Արթուր Բազէեան միաձայն որոշումով պարտուեցաւ ամերիկացի Սելիմ Էլիս – Պէյէն: 18 տարեկան Էլիս – Պէյ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանն է եւ նախապէս ճանչցուած էր իբրեւ երկրի լաւագոյն երիտասարդ բռնցքամարտիկը:

Գերծանր կշիռի (90 քիլոկրամէն վեր) մրցումներուն, Դաւիթ Չալոյեան իր առաջին ելոյթին պարտութիւն կրեց գերմանացի Նիքիթա Փութիլովի դէմ մրցումին, 3-1 իրաւարարներու ձայներով:

Յաջորդ հանգրուան չկրցաւ անցնիլ նաեւ 65 քկ կշիռի բռնցքամարտիկ Էլիտա Քոչարեան, որ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց 2025-ի աշխարհի ախոյեան Կրէյնի Ուոլշէն (Իրլանտա):

Այսպիսով, Սթրանճա 2026 մրցաշարքը կը շարունակեն Ռուտոլֆ Գարբոյեան (50 քկ), Արթուր Սահակեան (65 քկ), Յարութիւն Յակոբկոխեան (70 քկ), Մարատ Միքայէլեան (75 քկ) եւ Անուշ Գրիգորեան (51 քկ):

 

Leave a Comment