Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ 6 յաւելեալ «Էֆ-22» հալածիչներ հասնին Իսրայէլ:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ 12 ամերիկեան «Էֆ-22» տիպի հալածիչներ էջք կատարած են Իսրայէլի մէջ:
Պատկերասփիւռի կայանը այս շաբաթ նաեւ հաղորդած էր, թէ ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու միաւորին պատկանող գաղտնի օդանաւ մը էջք կատարած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը, յղում կատարելով ընթացիկ քննարկումներուն ծանօթ երկու անձերու հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդականները կը նախընտրեն, որ Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումի սկիզբէն առաջ Իսրայէլ հարուածէ Իրանը:
Թրամփի վարչակազմի այս պաշտօնեաները անձնական զրոյցներու մէջ կը պնդեն, որ իսրայէլեան յարձակումը Իրանը պիտի դրդէ պատասխան գործողութիւններու, ինչ որ պիտի օգնէ ամերիկացի քուէարկողներուն մօտ Միացեալ Նահանգներու հարուածի համար աջակցութեան ապահովման:
«Վարչակազմին մէջ եւ անոր շուրջ կարծիք կայ, որ քաղաքականապէս շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ իսրայէլացիները առաջինը եւ առանձին երթան, իսկ իրանցիները պատասխան հարուած հասցնեն մեզի` գործողութիւններու ձեռնարկելու աւելի շատ հիմնաւորումներ տալու համար», ըսած է քննարկումներուն ծանօթ անձերէն մէկը:
Աղբիւրները ըսած են, թէ Իսրայէլի կողմէ առաջինը գործելու ցանկութենէն անկախ ամէնէն հաւանական բեմագրութիւնը կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ միացեալ գործողութիւնը:
Ի պատասխան մեկնաբանութեան հարցումին` Սպիտակ տան բանբեր Աննա Քելլի ըսած է. «Լրատուամիջոցները կրնան որքան կ՛ուզեն շարունակել ենթադրութիւններ ընել նախագահի մտադրութիւններուն մասին, սակայն միայն նախագահ Թրամփ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել կամ չընել»: