Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ կառավարական ուժերուն եւ տիւրզիներու Ազգային պահակագունդին միջեւ գերիներու եւ կալանաւորուածներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուէյտայէն 61 կալանաւորուածներ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան 30 անդամներ փոխանակուած են:
Գերիներու եւ կալանաւորուածներու փոխանակումը տեղի ունեցած է նահանգի հիւսիսը Մաթունա անցարգելին վրայ` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հսկողութեամբ:
Յիշեցնենք, թէ Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ 13 յուլիս 2025-էն սկսեալ շաբաթներու տեւողութեամբ բախումներ տեղի ունեցած էին տիւրզի զինեալներու եւ արաբական ցեղախումբերու զինեալներու միջեւ, այդ բախումները առաւել բուռն դարձան կառավարական ուժերուն ցեղախումբերուն միանալէն ետք: