Ժընեւի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններու 3-րդ Փուլ

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առտու հաղորդեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի Ժընեւի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:

Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք քննարկած են Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար Իրանի առաջարկները:

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաղչի եւ Պուսահիտի Ժընեւի մէջ պատժամիջոցներու վերացման եւ հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ հաւանական համաձայնութենէն կէտեր քննարկած են:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ անձնական հաւաքի մը ընթացքին ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը պահանջէ, որ Իրանի հետ որեւէ ապագայ հիւլէական համաձայնագիր անժամկէտ ըլլայ:

Ամերիկացի պաշտօնատարները ամերիկեան կայքին ըսած են. «Թրամփ կրնայ դրական տրամադրուած ըլլալ Իրանի մէջ իւրանիոմի խորհրդանշական հարստացման, եթէ իրանցիները ապացուցեն, թէ ատիկա զանոնք հիւլէական զէնք զարգացնելու կարող չի դարձներ»:

«Իրանցիները միջնորդներուն` Օմանի, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ կողմէ մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուին ընթանալու ուղղութեամբը Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան մը, որ պատերազմի ծագումը կ՛արգիլէ: Սակայն Ուաշինկթընի եւ շրջանին մէջ շարք մը պաշտօնատարներ տակաւին կը կասկածին, թէ Իրան պատրաստ է Թրամփի ճշդած բարձր նշաձողի պահանջները բաւարարելու»:

«Աքսիոս» նշեց, թէ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ Արաղչիի հետ պիտի քննարկեն հիւլէական համաձայնութեան Իրանի մշակած մանրամասն առաջարկը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրի նախարարը ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշների հետ քննարկած է իրանեան առաջարկներն ու այդ առաջարկներուն ամերիկեան պատասխանները:

«Արծարծուեցան Իրանի հիւլէական ծրագիրի կարգաւորման հիմնական տարրերը եւ համաձայնութեան գործադրութեան անհրաժեշտ երաշխիքները», նշեց նախարարութիւնը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Ամերիկեան եւ իրանեան պատուիրակութիւնները Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին նոր գաղափարներուն եւ լուծումներուն նկատմամբ դրական ընկալում ցուցաբերեցին»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի իր կարգին նշեց. «Այսօր Ժընեւի մէջ նորարարական ու դրական գաղափարներ փոխանակեցինք եւ կը յուսանք յաւելեալ յառաջընթաց արձանագրել»:

Leave a Comment